ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան Պեշթեփէի համալիրէն ներս, իֆթարի սեղանի շուրջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներն ու աշխարհական վարիչները։ Մօտաւոր անցեալին ԱՔ կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած իֆթարի մը առթիւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները Անգարայի մէջ նախագահ Էրտողանի հետ բաժնած էին նոյն մթնոլորտը։ Իսկ երէկուան իֆթարը կը տարբերէր այն հանգամանքով, որ տանտէրը ուղղակի նախագահ Էրտողանն էր։ Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցան շատ ջերմ մթնոլորտով։ Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած ընթրիքի սեղանին շուրջ էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան։ Բոլոր փոքրամասնական հաւաքականութիւնները ներկայացած էին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կողմէ ալ ներկայ էին վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Անթուան Սուլթանօղլու։

Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն առընթեր, Պեշթեփէի մէջ սարքուած իֆթարին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ կրօնից տեսուչ փրոֆ. Ալի Էրպաշ, Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ, Հանրապետութեան նախագահի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն եւ պետական աւագանիէն այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իֆթարի սեղանի շուրջ նստած էր նախագահ Էրտողանի ճիշդ կողքը։ Երեկոյթի տեւողութեան անոնց միջեւ տեղի ունեցաւ անմիջական զրոյց։ Անպաշտօն մթնոլորտի մէջ զրոյց ծաւալեցաւ երկրի ընդհանուր օրակարգի խնդիրներուն շուրջ՝ ներառեալ այն հարցերը, որոնք կը յուզեն ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնները։

Ընթրիքի աւարտին փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները արեւշատութեան բարեմաղթանքներ եւ մօտալուտ Ռամազանի տօնին առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեցին նախագահ Էրտողանին, որու ջերմ հիւրընկալութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ Պեշթեփէի համալիրէն հրաժեշտ առնելէ առաջ նկարահանուեցան երկրի ղեկավարին հետ։ Հարկ է նշել, որ այս իֆթարը լայնօրէն լուսաբանուած է Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Երէկուան ընթրիքի եզրափակիչ փուլին Անգարայի մէջ մեր համայնքին տեսակէտէ առանցքային նշանակութեամբ իրադարձութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ երկու ժամ հիւրընկալուեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը Պեշթեփէէ արձակման փուլին կը զրուցէր նախարար Սոյլուի հետ եւ այս առթիւ շօշափեց ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը։ Նկատի ունենալով, որ նոր ընտրական կանոնադրութիւնը կը մշակուի Ներքին գործոց նախարարութեան վերահսկողութեան ներքեւ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Սոյլուէն խնդրեց համապատասխան աշխատանքները հնարաւորինս աշխուժացնել։ Իր կարգին, նախարարն ալ յայտնեց, որ կանոնադրութեան մշակումը վերջին փուլին հասած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս կէտին վրայ նախարար Սոյլուն հրաւիրեց յարմար առիթով մը այցելել Պատրիարքարան, որպէսզի մշակուած կանոնադրութեան նախագծին շուրջ հնարաւոր ըլլայ կարծիքի փոխանակումներ ծաւալել։ Ճիշդ այդ պահուն յայտնի դարձաւ նաեւ, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Անգարայի մէջ պիտի գիշերէր եւ այսօր պիտի վերադառնար իր Աթոռը։ Ուստի, Սիւլէյման Սոյլու առաջարկեց այդ կարծիքի փոխանակումը անմիջապէս ունենալ եւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց Ներքին գործոց նախարարութիւն։ Այսպէսով անակնկալօրէն կազմակերպուած այս տեսակցութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի շուրջ երկու ժամ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ նախարար Սոյլուի միջեւ քննարկում ծաւալուի՝ առկախեալ ընտրութիւններու հրատապ հարցին շուրջ։ Զրոյցի ժամանակ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Նախարարն ալ իր պաշտօնական գրասենեակը հրաւիրեց այն բարձրաստիճան պատասխանատուները, որոնք կանոնադրութեան մշակման գործընթացին ներգրաւուած են։ Անոնց շարքին էր նաեւ Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ, որ վերջին ամիսներուն երկու անգամ արդէն Պատրիարքարան այցելած էր՝ նախատեսուած կարգադրութիւններուն շուրջ պարզաբանումներ տալու համար։

Նախարարութեան մէջ ալ Նորին Ամենապատուութիւնը վերահասու դարձաւ, թէ նոր կանոնադրութեան պատրաստութիւնները լմննալու վրայ են եւ նախագիծը գրեթէ վերջին վիճակը առած է։ Սիւլէյման Սոյլու յայտնեց, որ կանոնադրութեան պաշտօնապէս հրապարակումէն առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ ծանօթանալու բովանդակութեան. բան մը, որու վերաբերեալ իր ցանկութիւնը Նորին Ամենապատուութիւնը բարձրաձայնած էր նաեւ մօտաւոր անցեալին՝ Ս. Զատկի շնորհաւորական համայնքային ընդունելութեան ժամանակ։

Այս առաւօտ մայրաքաղաքէն հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Նորին Ամենապատուութեան հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ շատ դրական տպաւորութիւններ ունի Անգարայի երէկուան շփումներէն։ «Հանրապետութեան նախագահը, ինչպէս միշտ, անմիջական ու սիրալիր վերաբերմունք ցոյց տուաւ մեզի նկատմամբ։ Բաց աստի, ներքին գործոց նախարարին հետ անակնկալ մեր հանդիպումը իսկապէս շատ կարեւոր էր։ Հնարաւորութիւն պիտի ունենանք նոր ընտրական կանոնադրութեան հրապարակումէն առաջ բովանդակութեան ծանօթանալու։ Նոր նախատեսուած տնօրինութիւններուն մէջ փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներուն վերաբերեալ ծրագրուածները դրական են։ Մարդիկ լաւ բան մը ընել կ՚ուզեն։ Այս պահուն թէեւ կրնայ նպատակայարմար չըլլալ իրադարձութիւնները կանխել եւ բոլոր մանրամասնութիւնները հրապարակել, սակայն, հիւանդանոցներու ընտրութեան պարագային պղտորութիւն պիտի չըլլայ՝ ներառեալ ժամկէտներու վերաբերեալ հանգամանքները։ Ընտրաշրջաններու սահմանումներու վերաբերեալ հարցերուն համար ալ այս պահուն բոլոր փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ ընդհանրական լուծումներ կ՚ենթադրուին, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս ուղղութեամբ ալ տակաւին աշխատելու տեղ ունինք եւ այդ աշխատանքին շնորհիւ իւրաքանչիւր համայնք պիտի կարողանայ իր առանձնայատկութիւններուն եւ սեփական կարիքներուն համեմատ լուծումներ գտնել։ Մեր ջերմ զրոյցէն վերջ շրջայց մըն ալ կատարեցինք Ներքին գործոց նախարարութենէն ներս եւ հրաժեշտ առինք նախարարին նկատմամբ արտայայտելով մեր երախտագիտութիւնը՝ իր կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան ու մեր զգայնութիւններուն նկատմամբ յարգանքին համար», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեր զրոյցին ժամանակ։

Մինչ Նորին Ամենապատուութիւնը այսօր կը վերադառնայ իր Աթոռը, Պետրոս Շիրինօղլու եւ Հերման Պալեան երէկ ուշ գիշերին արդէն վերադարձան քաղաքս։ Լուսանկարները՝ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն եւ Ներքին գործոց նախարարութենէն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2022