ՖՐԱՆՍԵՐԷՆԸ ՈՐՊԷՍ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՀԱՅԵԼԻ

Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի «Ֆրանսերէնը՝ որպէս քաղաքային հայելի»։ 1850-1950 թուականներու կտրուածքով հրապարակուած գովազդներու համայնապատկերին վրայ մատուցուած է այս ցուցահանդէսին իսկապէս հետաքրքրական նիւթը, որ լոյս կը սփռէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ֆրանսերէնի հասարակական կեանքէն ներս ունեցած դերակատարութեան վրայ։ Անշուշտ, այդ ազդեցութիւնը շարունակուած է նաեւ Հանրապետական շրջանին։

Այս ցուցահանդէսի քիւրաթէօրն է պատմաբան Այլին Գօչունեան։ Ծրագրի գեղարուեստական ձեւաւորումները իրականացուած են Նեճմի Քէօրօղլուի կողմէ։

Երէկուան բացման հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէն Ալեքսանտր Ապելլան, փոխ-տնօրէնուհի Սուզան Սեւկի եւ Այլին Գօչունեան։

Հարկ է նշել, որ ցուցահանդէսի շրջագծով ներկայացուած տեսանիւթերէն մին ալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութենէն եռալեզու նմոյշ մըն է։

Այս ցուցահանդէսին վերաբերեալ նախաձեռնարկ վարժարանը հրատարակած է նաեւ մասնաւոր գրքոյկ մը։

Ցուցահանդէսի մէջ ներգրաւուած եւ իսկապէս բարձր գեղարուեստական ճաշակով մատուցուած նմոյշները ընդհանուր պատկերացում մը կու տան, թէ այս աշխարհագրութեան մէջ ֆրանսերէնը որքան առանցքային դեր մը ունեցած է՝ հասարակութեան զանազան շերտերու յարաբերութիւնները պայմանաւորելու առումով, կենցաղի վրայ ներազդելու հնարաւորութիւններով հանդերձ։ Գիտական մօտեցումով պատրաստուած ցուցահանդէսը կը բիւրեղացնէ նաեւ ֆրանսերէնի տեղը՝ այս աշխարհագրութենէն ներս արեւմտականացման հոսանքի ամբողջին մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2022