ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Դա­մաս­կոս՝ Սու­րիոյ Փոխ-վար­չա­պետ ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Վե­լիտ Մուալ­լի­մի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Այս շրջագ­ծով Նալ­պան­տեան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Սու­րիոյ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին հետ։ Ան կը մէկ­տե­ղուի նաեւ սու­րիա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Մինչ այդ, Դա­մաս­կոս այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ, Նալ­պան­տեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Պէյ­րութ, Լի­բա­նա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճիպ­րան Պա­սի­լի հրա­ւէ­րով։ Նալ­պան­տեան Պէյ­րու­թի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Լի­բա­նա­նի Վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լա­մի, Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նա­պիհ Պըր­րիի հետ։ Իր լի­բա­նան­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին հետ եւս քննար­կում­ներ ծա­ւա­լե­լու ա­ռըն­թեր, Պէյ­րու­թի Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան եր­դի­քին տակ Նալ­պան­տեան մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ լի­բա­նա­նա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վա­րիչ­նե­րուն հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեա­նի Պէյ­րու­թի շփում­նե­րուն զու­գա­հեռ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, թէ Հա­յաս­տան կը նա­խա­տե­սէ ա­ւելց­նել Լի­բա­նա­նի մէջ տե­ղա­կա­յուած իր խա­ղա­ղա­պահ զօ­րա­խում­բի զի­նուոր­նե­րուն թի­ւը։

Եր­կու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու զրոյ­ցին տե­ւո­ղու­թեան ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Լի­բա­նա­նի մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­ր-ւած են օ­րի­նա­կե­լի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, ինչ որ պայ­մա­նա­ւո­րուած է բա­րե­կա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղեալ եր­կուս­տեք կամ­քով։ Թէ՛ Նալ­պան­տեան եւ թէ Պա­սիլ մատ­նաշ­նե­ցին լի­բա­նա­նա­հայ հա­մայն­քին մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու կա­պե­րուն նպաս­տե­լու ի­մաս­տով։ Քննար­կուե­ցան Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէ ներս ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րը, կա­րե­ւո­րուե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­մախմ­բու­մը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի մէջ։ Նալ­պան­տեան խօ­սե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին շուրջ։

Նալ­պան­տեան եւ Պա­սիլ անդ­րա­դար­ձան ան­ցեալ Մար­տին Հա­յաս­տա­նի, Լի­բա­նա­նի, Ռու­սաս­տա­նի եւ Վա­տի­կա­նի նա­խա­ձեռ­նած՝ ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դի շրջա­նակ­նե­րէն ներս Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նուի­րուած բարձր մա­կար­դա­կի քննարկ­ման։ Ա­նոնք շեշ­տե­ցին այս ուղ­ղու­թեամբ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։  Ծրագ­րով նա­խա­տե­սուած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ա­ռըն­թեր, Պա­սիլ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թով մըն ալ պա­տուեց Նալ­պան­տեա­նը։

 

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015