24-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս ա­ռա­ւօտ բա­ցուե­ցաւ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը։ Հեր­թա­կան նիս­տե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րու տան մէջ։ Սա հո­գա­բար­ձու­նե­րուն 24-րդ նս­տաշր­ջանն է։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի խօս­քով բա­ցուե­ցաւ նստաշր­ջա­նը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նի­նե­րը, Հայկա­կան բա­րեգործական ընդհանուր միու­թեան կեդրոնական վարչու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդրակ­եան, հիմ­նադ­րա­մի տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ներ­­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ բա­րե­րար­նե­րը։

Այս նստաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա Վար­դա­նեան կը ներ­կա­յաց­նէ ան­ցեալ մէկ տա­րուան գոր­ծու­նէու­թեան ամ­փո­փու­մը։

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015