ՀՈՂԻ ԴՈՂԸ ՈՏՔԵՐՈՒ ՏԱԿ

Լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանի գործերէն բաղկացեալ «Հողի դողը ոտքերու տակ» խորագրեալ ալպոմը այս շրջանին ստեղծած է լայն արձագանգ եւ արժանացած՝ անվերապահ գնահատանքի։ Դաւիթ Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի անձնական լուսանկարիչն է եւ այդ առաքելութեան զուգահեռ գեղարուեստական լուսանկարչութեան ուղղութեամբ կ՚արձանագրէ կարեւոր նուաճումներ։ Գեղարուեստասէրներու յիշողութեան մէջ թարմ է, որ մօտաւոր անցեալին ան բացած էր շատ շահեկան ցուցահանդէս մը։ Կարճ ժամանակ անց ան արդէն գեղարուստասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է պատկերագիրք մը։ Այդ գիրքին բովանդակած լուսանկարները ուղղորդուած են արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանի տողերով։ Դաւիթ Յակոբեան սոյն պատկերագրքին մէջ հաւաքած է վերջին եօթ տարիներուն ընթացքին կատարած նկարահանումներուն արդիւնքները։ Այդ վառ դրուագները ընդհանրապէս կը վերաբերին բանակին, զինուորներուն եւ անոնց առօրեային։

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ այս գործին շնորհանդէսը։ Հեղինակը հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծեց, որ յիշեալ խորագիրը նախընտրած է, որովհետեւ իր իւրօրինակ ընկալուած իմաստով ան կը ներկայացնէ սեփական հողի նկատմամբ այդ սրտի դողը։ «Գաղափարը կը պատկանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանին։ Ներկայ գտնուելով ցուցահանդէսին, տեսնելով լուսանկարները՝ ան առաջարկեց, որ բանակի 25-ամեակին առթիւ տպուի պատկերագիրք մը։ Խմբագիրն ալ իր հերթին առաջարկեց, որ լուսանկարներու կողքին ըլլան Լեւոն Խեչոյեանի տողերը։ 120 լուսանկարները կը ցոլացնեն մեր բանակի խաղաղ օրերու ժամանակագրութիւնը։ Տարեգիրքը ունի խոր իմաստ, մանաւանդ, որ այս տարի քառօրեայ պատերազմի տարելիցն է։ Կողքի վրայ պատկերացուած խաչով ու ինքնաձիգի փողով լուսանկարն ալ ունի յատուկ խորհուրդ մը, որովհետեւ բանակն ու եկեղեցին ունին կարեւոր դեր», ըսաւ շնորհանդէսի ընթացքին Դաւիթ Յակոբեան՝ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին։

Գիրքի գինեձօնին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ այլ հիւրեր։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017