ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒՄ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը շարունակէ Սփիւռքէն ներս խրախուսել արեւմտահայերէնի յարատեւումը։ Վերջերս այս հիմնարկին նախաձեռնութեամբ մասնագիտական մշակման ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ Պէյրութի մէջ։ Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներուն ուղղեալ այս աշխատանքի բացման հանդիսութեան ընթացքին հնչեցին բազմաթիւ հետաքրքրական միտքեր։ Այսպէս, Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի գործակցութեան արդիւնք հանդիսացող «Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակում» միամեայ ծրագրի բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին լիբանանահայ կրթական մշակներ, դպրոցներու տնօրէններ եւ աւելի քան հարիւր յիսուոն մասնակից ուսուցիչներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի օրհներգերու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ողջոյնի խօսքով ներկաները դիմաւորեց Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօս՝ Շաղիկ Խիւտավերտեան: Ան բարի գալուստ յայտնելէ ետք, հակիրճ կերպով ներկայացուց ծրագրին նպատակը, որ կը միտի ո՛չ միայն ուսուցիչներու զարգացման, նոր գիտելիքներու եւ հմտութիւններու ձեռքբերման, այլ կը նպաստէ առողջ եւ հաւասարակշռուած դաստիարակութեան առաջնորդող յատուկ մթնոլորտի եւ պայմաններու ստեղծման:

Ապա, խօսք առաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն՝ Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ անդրադարձաւ անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին բաժանմունքին կատարած ուսումնասիրութիւններուն եւ գործնական աշխատանքներուն, որոնց եզրայանգումը եղաւ ուսուցիչներու մասնագիտական մշակման այս ծրագիրը: Ան նշեց, որ ապահովելու համար արեւմտահայերէնի գոյատեւումը եւ անոր միջոցաւ հայեցի ինքնութեան առողջ կազմաւորումը՝ պէտք է ձգտիլ ստեղծելու բարձրորակ հայ դպրոց՝ շեշտը դնելով մարդուժի հաւաքագրման եւ զարգացման վրայ: Տքթ. Փանոսեան աւելցուց, որ պէտք է կեդրոնանալ մանկավարժական արդի մեթոտաբանութեան վրայ, որ յատուկ է 21-րդ դարուն եւ կը բխի երախաներու կարիքներու ուսումնասիրութենէն:

Ան շեշտեց Հայկազեան համալսարանին հետ համատեղ պատրաստուած այս ծրագրին կարեւորութիւնը, որուն զուգահեռ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կ՚իրագործէ բազմազան այլ ծրագրեր: Իր խօսքի աւարտին՝ Տքթ. Փանոսեան անգամ մը եւս անդրադարձաւ մարդուժ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու շարունակական անհրաժեշտութեան:

Ապա, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան՝ ողջունելէ ետք ներկաները այս լուրջ նախաձեռնութեան բացման հանդիսութեան՝ հաստատեց, թէ կրթական-դաստիարակչական գործը ուղղուած չէ միայն աշակերտին, այլ՝ կը տարածուի անոր անմիջական շրջապատէն դէպի նաեւ ազգային միջավայր:

Տքթ. Հայտոսթեան յայտնեց, որ մարդուն պարծանքի պատճառ հանդիսացող գիտութեան ամբարումը կրթական մարզի միակ գործառոյթը չէ եւ պէտք է մտածել նաեւ առողջ հաղորդակցութեան, փոխվստահութեան, զարգանալու ներքին մղումի եւ խոնարհ կեցուածք որդեգրելու ազդակներուն մասին: Հայտոսթեան հաստատեց, թէ լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ տնօրէններու այս համագործակցութեան առիթը պիտի նպաստէ լիբանանահայ դպրոցի մասնագիտական նոր վերելքին: Ան նաեւ նշեց, որ աշխարհի արագ ընթացող փոփոխութիւններն ու զարգացումները կը սպառնան արդէն իսկ դժուարութիւններ դիմագրաւող լիբանանահայ դպրոցին, որուն կայուն զարգացման համար այս ծրագիրը պէտք է ընդունիլ որպէս ոսկեայ առիթ՝ առանց զայն համարելու հրաշք դեղատոմս:

Տքթ. Հայտոսթեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ մաղթեց, որ այս ծրագրի յաջողութիւնը դառնայ հայ ուսուցչինն ու հայ դպրոցինը:

Այնուհետեւ, խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքի վարիչ Տքթ. Յակոբ Եագուպեան, որ նշեց, թէ այս ծրագիրը կը նպատակադրէ լիբանանահայ վարժարաններէն ներս ստեղծել քննադատական մտածողութեան սատարող մշակոյթ, որ պիտի ապահովէ նոր սերունդներու առողջ գործունէութիւնը՝ ընկերային եւ ազգային ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ պիտի սատարէ արեւմտահայերէնի գոյատեւման եւ զարգացման: Տքթ. Եագուպեան ընդգծեց նման ծրագրի մը բարձր մասնագիտական բնոյթ, շարունակական գործընթաց եւ բացայայտ նպատակակէտեր կրելու անհրաժեշտութիւնը եւ փորձարկուած ուսումնասիրութիւններու հիմամբ առաջնորդուելու կարեւորութիւնը: Ապա, ան ներկայացուց յառաջիկայ տարուան վրայ երկարող մշակման այս ծրագրի փուլերը եւ ընթացակարգը, որ բաղկացած է աշխատանաքային սեմինարներէ, որոնցմէ մաս մը կը վերաբերին մանկավարժութեան ընդհանուր նիւթերու, իսկ մնացեալը՝ իւրաքանչիւր մասնակցի մասնագիտութեան ոլորտին:

Ան ներկաներուն հաղորդեց, որ Յունիս 2017-էն Մայիս 2018-ի միջեւ երկարող այս սեմինարները պիտի վարեն Հայկազեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ՝ լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ եւ արտասահմանէն հրաւիրուած դասախօսներ, որոնք առաջին հանդիպումով մը պիտի ներկայացնեն սեմինարի հիմնական նիւթը եւ երկու շաբաթներ ետք կրկին հանդիպելով մասնակիցներուն հետ պիտի ստուգեն անոնց յանձնարարուած պարտականութիւններն ու փոխանցեն իրենց թելադրանքները:

Վերջապէս, Հայկազեան համալսարանի Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Սեպուհ Կիւրիւնլեան իր երկլեզու խօսքին մէջ անդրադարձաւ կեդրոնի անցած երեսուն տարիներու առաքելութեան ու յայտնեց իր ուրախութիւնը սոյն ծրագրով համագործակցելու «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հետ: Ան մասնակիցներուն ներկայացուց Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնի դերը այս ծրագրի իրագործման մէջ. ապա, ան ծանօթացուց Գայիանէ Մածունեանը՝ ծրագրի պատասխանատուն, որ յառաջիկայ տարուան ամբողջ ընթացքին պիտի ըլլայ հիմնական կապը՝ մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչ մարմինին միջեւ:

Հանդիսութեան աւարտին հնչեց Հայկազեան համալսարանի օրհներգը, որուն յաջորդեց կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017