ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՑՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Փարիզի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաներուն հաւաքը։ Իսի-Լէ-Մուլինօ հայաբնակ արուարձանին մէջ համախմբուեցան հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։ Տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադիրներուն, վանահայրերուն, տնօրէններուն, բարերարներուն, ուսուցիչներուն, սատարողներուն ու սաներուն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, աշխարհի զանազան քաղաքներէն Փարիզ մեկնած դպրեվանքցիները համախմբուեցան «Հրանդ Տինք» սրահի երդիքին տակ, ուր տեղի ունեցաւ բաժակի պահ մը։ Տարեկան այս ճաշկերոյթին ընթացքին յոբելեար շրջանաւարտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Այս տարուան հաւաքէն թէեւ բացակաները շատ էին, սակայն այս հանգամանքը բաւարար չեղաւ մեծ խանդավառութեան ստեղծուելուն։ Դպրեվանքցիներուն երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ բարձր տրամադրութեան ստեղծուելուն եւ բոլոր ներկաները ապրեցան հերթական անգամ զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի Փարիզի սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Յակոբ Արտըչ եւ իր ընկերներն ալ հաւաքի աւարտին բոլոր մասնակիցներուն գնահատանքին առարկայ դարձան՝ իրենց կողմէ տարուած կազմակերպչական աշխատանքներուն համար։