ԿԱՊԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՈՒՄԸ ԿԱՐԵՒՈՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութիւնը վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին մտահոգութիւն յառաջացուցած է Թեհրանի մէջ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ կացութիւնը խաղաղ ձեւով կը հարթուի։ «Մենք ընդգծած ենք եւ դարձեալ կ՚ընդգծենք՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները եւ տարածքային ամբողջականութիւնը մեր կարմիր գիծերը կը հանդիսանան», ըսաւ Ճեւատ Զարիֆ, որ երէկ Երեւանի մէջ բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։ Այս առթիւ Այվազեան եւ Զարիֆ ընդգծեցին տարածքաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման հրամայականը։

Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան շեշտեց, որ Երեւան-Թեհրան քննարկումները ռազմավարական բնոյթ կը կրեն։ Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ Ճեւատ Զարիֆը ընդունելու ժամանակ նշեց, որ ստեղծուած իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ կարեւոր դարձած է Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու առաւել խորացումը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ կարգ մը վերլուծաբաններ կը նախատեսեն, որ Իրան կոշտ քայլերու կրնայ ձեռնարկել, եթէ Ատրպէյճան փորձէ ռազմական ուժով զաւթել Զանգեզուրի միջանցքը։

Հինգշաբթի, Մայիս 27, 2021