ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ Կ՚ԱՀԱԳՆԱՆԱՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը կ՚ահագնանայ նոր սադրանքներով։ Աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր սահմանները խախտած Ատրպէյճանի զօրքերը հիմա ալ Հայաստանի բանակէն վեց նոր զինուոր գերեվարեցին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին ժամանակ դէպքը որակեց գերեվարումէ աւելի՝ առեւանգում։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածէն ներս Հայաստանի բանակէն վեց զինուոր շրջափակուած եւ գերեվարուած է Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։ Ըստ նախարարութեան, ձեռնարկուած են անհրաժեշտ միջոցներու, գերեվարուած զինուորներու վերադարձման համար։ Անոնց անուններն ալ հրապարակուած են պաշտօնապէս։ Պաքուի աղբիւրները պնդած են, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը հետախուզաներթափանցման փորձ մը կատարած են, սակայն Երեւան կը հերքէ այդ պնդումները։ Հայ զինուորներու վերաբերեալ այս զգայացունց դէպքը ապրուած է Հայաստանի տարածքէն ներս։

Երեւան դիւանագիտական հարթութեան վրայ ալ արտայայտեց իր բողոքը՝ հերթական անգամ մտահոգութիւն յայտնելով տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան այս առաւօտեան յայտարարութեան մէջ պահանջուեցաւ գերեվարուած հայ զինուորներու անյապաղ եւ անվերապահ վերադարձը։ Նոյն առթիւ շեշտուեցաւ, որ Պաքուի սադրիչ գործողութիւնները իրավիճակը առաւել լարելու նպատակը կը հետապնդեն։

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանն ալ այս նոր գերեվարութիւններու դէպքը որակեց քաղաքական ահաբեկչութիւն։

Երեւանեան զանազան աղբիւրներու հաղորդումներով, Գեղարքունիքի սահմանակից հատուածներէն ներս իրավիճակը շատ լարուած է, կը լսուին նաեւ կրակոցներ, բայց ոչ այդքան խտացեալ:

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ խօսեցաւ նաեւ խորհրդարանի ամպիոնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան նշեց, որ անհնարին է Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի կողմէ պայմանագրային պարտաւորութիւններու չկատարուիլը։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան նշեց, որ ՀԱՊԿ-ի գործողութիւններու արագութիւնը չի գոհացներ Հայաստանը։ Ըստ իրեն, Երեւան կրնայ դիմել նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։

ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն ալ արձագանգեցին, որ Փաշինեանի քննադատութիւնները ընդունած են ի գիտութիւն։

Հինգշաբթի, Մայիս 27, 2021