«ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՊԷՏՔ Է ԶԻՋԷ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըր Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։ 1970-ական թուականներուն պետական քարտուղարի պաշտօն զբաղեցուցած 98-ամեայ փորձառու գործիչը համոզուած է, թէ Ռուսաստանի հետ խաղաղութեան հասնելու համար Ուքրայնա պէտք է հրաժարի իր տարածքի մէկ մասէն։

Ըստ Հենրի Քիսինճըրի, պէտք է թոյլ տալ, որ այս պատերազմը շարունակուի եւ յառաջիկայ երկու ամսուայ ընթացքին կողմերը պէտք է սեղանի շուրջ նստին՝ նախքան անշրջադարձելի կէտի հասնիլը։ Արեւմուտքը պէտք է պարտադրէ, որպէսզի Ուքրայնա համաձայնի այնպիսի պայմաններու, որոնք ներկայ նպատակներէն բաւական ետ են։ Միեւնոյն ժամանակ, ան զգուշացուց եւրոպացի ղեկավարները, որպէսզի Ռուսաստանի հետ հեռահար յարաբերութիւններու տեսիլքը չկորսնցնեն։ Արդարեւ, պէտք չէ անտեսել նաեւ այն հաւանական վտանգը, որով Ռուսաստան կրնայ Չինաստանի հետ մշտական դաշինք մը կազմել։

Միւս կողմէ, նոյնպէս Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ընթացքին յայտնի միլիառատէր Ճորճ Սորոս նոյն կապակցութեամբ ըսաւ. «Ռուսաստանի Ուքրայնա ներխուժումը կրնայ երրորդ համաշխարհային պատերազմի սկիզբը դնել։ Մեր քաղաքակրթութիւնը չի կրնար այդ բանը վերապրիլ։ Մեր քաղաքակրթութիւնը փրկելու լաւագոյն եւ գուցէ միակ ճանապարհը Փութինի հնարաւորինս շուտ յաղթելն է։ Սա է էութիւնը»։ Յամենայնդէպս, ան չբացառեց նաեւ Ուքրայնայի յաղթանակի հաւանականութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022