ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄԸ

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ պատմական օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի նորակառոյց շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Առաւօտուն Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ, որու աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ բոլորը համախմբուեցան դպրոցի պարտէզին մէջ։ Նախ տեղի ունեցաւ դպրոցի տարեկան շրջանաւարտից հաւաքի հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց պաշտօնական բացումը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Գատըգիւղի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց այս պատմական հաւաքոյթի մասնակիցները, որոնք թէ՛ ուրախակից եղան եւ թէ գնահատեցին ապահովուած լուրջ ձեռքբերումը։ Ստեղծուած խանդավառութեան տրամաբանութեան մէջ էին Արամեան-Ունճեան վարժարանի աշակերտներուն ելոյթները, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու։ Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնի հատման պահուն հոգեւոր հայրերուն միացան թաղ. խորհուրդի նախկին ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ այժմու կազմի երիցագոյնը՝ Կարօ Պալեան։

Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի ողջոյնի խօսքէն վերջ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անունով ելոյթներով հանդէս եկան ատենապետ եւ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ անդամներէն Պերկման Կիւլսիւն։ Ելոյթներուն ժամանակ շեշտուեցան, որ նոր համալիրի կառուցման ընթացքին մեծ յանձնառութիւն ցուցաբերուած է թաղային խորհուրդի անդամներէն Արման Չոպանօղուլլարըին կողմէ։

Արամեան-Ունճեան վարժարանի նորակառոյց համալիրը բաւական ընդարձակ է եւ կը յագեցնէ բոլոր չափանիշները։ Թաղային խորհուրդը ապահոված է, որ կրթահամալիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ մարզադահլիճ մը։ Միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտութեան պարագային այս շէնքը կարելի պիտի ըլլայ որպէս ապաստանարան օգտագործել։

Բազմաթիւ խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու յաղթահարմամբ կեանքի կոչուած է նախագիծը, ինչ որ ո՛չ միայն Գատըգիւղի ընտանիքի, այլեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց կոթողային ձեռքբերումներէն մին կը համարուի։ Հարկ է նշել, որ դպրոցի նոր շէնքի մարզադահլիճը ձօնուած է Գատըգիւղի ընտանիքի երախտաւորներէն հոգելոյս Նշան Եաղուպեանի յիշատակին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հաւաքոյթի ընթացքին շեշտեց, որ այս նորակառոյց համալիրը պոլսահայ համայնքի կենսունակութեան տեսակէտէ ապացոյց մըն է։ Ան շեշտը դրաւ հայութեան, եկեղեցւոյ եւ դպրոցի նկատմամբ սիրով պայմանաւորուած յանձնառութեան վրայ։ «Այսօր դուք ձեր սիրոյ պարտքը հատուցեցիք», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ Արամեան-Ունճեան վարժարանի նախկին շէնքին արժեւորման համար ալ որոնումներու մէջ է Գատըգիւղի ընտանիքը։ Թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան երաշխիքները ապահովելէ վերջ՝ այդ բաժինն ալ ծառայեցնել կրթական գործին։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2024