ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՋՐՀԵՂԵՂ. ԿԱՆ ԶՈՀԵՐ

Հայաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ջրհեղեղ։ Երկրի հիւսիսին՝ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ տեղատարափներու հետեւանքով զանազան գետեր յորդեցան իրենց հունէն։ Յորդառատ անձրեւը պատճառ դարձաւ, որ որոշ բնակարաններու պարագային ժողովուրդը տարհանուի։ Հեղեղը դժբախտաբար խլեց նաեւ կեանքեր ու նիւթական մեծ վնասի պատճառ դարձաւ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ անմիջապէս ուղղուեցաւ աղէտի գօտի։ Հայաստանի կառավարութիւնը բոլոր լծակները շարժման անցուց կացութիւնը հնարաւորինս վերահսկելի ու կառավարելի սահմաններու մէջ պահելու համար։ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուեցաւ շտապ մը։ Մեծ թիւով փրկարարներ ներգրաւուեցան աշխատանքներու։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վնասուած ճանապարհներու հրատապ վերականգնման համար ալ սկսած են աշխատանքներ։

Միջազգային ընտանիքին կողմէ ալ հրապարակուեցան Հայաստանին ուղղեալ զօրակցութեան պատգամներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2024