ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՇՈՒՆՉԸ

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պին դէ­պի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը բա­ռին բուն ի­մաս­տով վե­րա­ծուե­ցաւ պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թեան մը։ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը կո­չած էր ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն՝ դէ­պի ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր։ Այս կար­գա­խօ­սին պար­փա­կած ա­մե­նա­խոր ի­մաս­տը ամ­բող­ջա­կան ձե­ւով ցո­լա­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին, երբ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան ըն­տա­նի­քին եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը լա­րուած էր Հա­յաս­տա­նի վրայ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ար­դիւն­քը ե­ղաւ ան­վի­ճե­լիօ­րէն յա­ջող ու միան­շա­նա­կօ­րէն դրա­կան։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Սրբա­զան Պա­պը շա­բա­թա­վեր­ջին շատ յա­գե­ցած ծրա­գիր մը ի­րա­գոր­ծե­ցին՝ յա­գեց­նե­լով նաեւ հա­զա­րա­ւոր ուխ­տա­ւոր­նե­րու եւ աշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րէն ի­րենց հե­տե­ւող մի­լիո­նա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հո­գե­ւոր կա­րիք­նե­րը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին եւ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Եր­կու հո­վուա­պետ­նե­րը ա­ւե­լի վերջ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան դէ­պի Կիւմ­րի, ուր Վար­դա­նանց հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ հա­զա­րա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը պա­տա­րա­գեց լա­տի­նա­կան ծէ­սով՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ա­ղօ­թակ­ցու­թեամբ։ Եր­կու հո­վուա­պետ­նե­րը Կիւմ­րիի մէջ այ­ցե­լե­ցին նաեւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին, Շի­րա­կի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդանիստ Եօթ­վէրք Ս. Աս­տ-ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին, կու­սա­նոց ե­ւ այլն։

Ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն եր­կու հայ­րա­պետ­նե­րը վե­րա­դար­ձան Ե­րե­ւան, ուր Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պար­կին վրայ հան­դի­սա­պե­տե­ցին մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան մը։ Է­քիւ­մե­նիք այս մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կո­չուած էր Խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթք։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն դէմ­քեր նոյն­պէս ներ­կայ էին այս պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան։

Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ կազ­մա­կեր­պուած է­քիւ­մե­նիք ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ շատ խորհր­դան­շա­կան նուէր մը յանձ­նուե­ցաւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Այս­պէս, ա­մե­րի­կա­հայ ա­րուես­տա­գէտ Մայ­քըլ Ա­րամ պատ­րաս­տած էր Ա­րա­րատ լե­րան ման­րա­կեր­տը՝ Սի­սի եւ Մա­սի­սի վրայ հանգ­րուա­նած Նո­յեան տա­պա­նը, ո­րուն վրայ քան­դակուած էր «Է» տա­ռը։ Ձի­թե­նիի ճիւ­ղը կտու­ցին՝ ա­ղաւ­նի մըն ալ զե­տե­ղուած էր Նո­յեան տա­պա­նին վրայ։ Ազ­գագ­րա­կան տա­րազ­նե­րով ե­րի­տա­սարդ­ներ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հա­յաբ­նակ տաս­ներ­կու եր­կիր­նե­րէ բե­րուած հո­ղե­րը լե­ցու­ցին այդ խորհր­դան­շա­կան Նո­յեան տա­պա­նին մէջ, ուր որ­թա­տունկ մը տնկուած էր։ Եր­կու հայ­րա­պետ­ներն ալ ի­րենց մա­տու­ցուած մաս­նա­ւոր սա­փոր­նե­րով այդ որ­թա­տուն­կը ջրե­ցին հա­զա­րա­ւոր ուխ­տա­ւոր­նե­րու ներ­կա­յու­թեան։ Սա այ­ցե­լու­թեան վառ փու­լե­րէն մին էր, որ ար­ժա­նա­ցաւ մեծ ու­շադ­րու­թեան։ Մայ­քըլ Ա­րա­մի կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծուած այդ Նո­յեան տա­պա­նը Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը տա­րաւ Վա­տի­կան։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան գա­գաթ­նա­յին փու­լե­րէն մին տե­ղի ու­նե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս հա­մախմ­բուած  բազ­մա­հա­զար ուխ­տա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ Ս. Տրդա­տի բաց խո­րա­նին վրայ պա­տա­րա­գեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։ Հարկ է նշել, որ 2001 թուա­կա­նին կառու­ցուած այս բա­ցօ­թեայ խո­րա­նին վրայ ա­ռա­ջին ան­գամ մա­տու­ցուե­ցաւ հայ­րա­պե­տա­կան Ս. Պա­տա­րագ։ Ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թեան մը մաս­նակ­ցու­թեամբ եր­կու հո­վուա­պետ­նե­րը փո­խան­ցե­ցին ի­րենց պատ­գամ­նե­րը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաս­նա­ւոր տնօ­րի­նու­թիւն մը ը­րած էր, որ­պէս­զի իր հո­գե­ւոր եղ­բայ­րը Ս. Պա­տա­րա­գին հե­տե­ւի խո­րա­նին իսկ վրա­յէն, ուր ի­րեն հա­մար զե­տե­ղուած էր մաս­նա­ւոր գահ մը։ Սա մեծ շար­ժոյթ մըն էր Նո­րին Սրբու­թեան կող­մէ։ Մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ, Վե­հա­րա­նի եր­դի­քին տակ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը (տես՝ յա­րա­կից սիւ­նակ­նե­րուն մէջ)։

Յետ­մի­ջօ­րէին եր­կու հայ­րա­պետ­նե­րը ուղ­ղուե­ցան դէ­պի Թուր­քիա-Հա­յաս­տան սահ­մա­նի Խոր Վի­րա­պի պատ­մա­կան վան­քը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ղօթք, ո­րու ա­ւար­տին ա­նոնք սպի­տակ ա­ղաւ­նի­ներ ար­ձա­կե­ցին դէ­պի աս­տուա­ծաշնչեան Ա­րա­րատ լե­ռը՝ ի նշան խա­ղա­ղու­թեան։ Այս փու­լէն վերջ, Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը ուղ­ղուե­ցաւ դէ­պի Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նը, ուր հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ ի­րեն հա­մար։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան եւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մին­չեւ օ­դա­նաւ ըն­կե­րակ­ցե­ցան Սրբա­զան Պա­պին, որ Հա­յաս­տա­նէն հրա­ժեշտ ա­ռաւ փո­խան­ցե­լով իր օրհ­նու­թիւ­նը ու վե­րա­դար­ձաւ Վա­տի­կան։

Սրբա­զան Պա­պին դէ­պի Հա­յաս­տան ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ՝ ար­ձա­նագ­րե­լով պատ­մա­կան ար­դիւնք մը։ Այս այ­ցե­լու­թիւ­նը բնո­րո­շուե­ցաւ ան­նա­խըն­թաց ու ան­մո­ռա­նա­լի վառ դրուագ­նե­րով։ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը շատ ազ­դու բա­նա­ձե­ւում­նե­րով փո­խան­ցեց իր պատ­գամ­նե­րը։ Ան ընդգ­ծեց, որ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւա­տը հայ ժո­ղո­վուր­դի շունչն է։ Իր բո­լոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն եւ ընդ­հա­նուր վե­րա­բեր­մուն­քին մէջ զգա­լի էր խոր յար­գանք մը՝ այն ա­ռու­մով, որ քրիս­տո­նեա­նե­րու վա­ղե­մի բնօ­րան­նե­րէն մին է Հա­յաս­տան։ Բաց աս­տի, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Քա­հա­նա­յա­պե­տը այն­պի­սի եղ­բայ­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կան, որ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր չա­փա­նիշ­նե­րու սահ­ման­ման գե­տի­նը պատ­րաս­տե­ցին՝ ի­րենց դրա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով, ի­րա­րու նկատ­մամբ բա­րեա­ցա­կա­մու­թեամբ եւ հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րու բնո­րոշ յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րով։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016