ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Վրաստանի փոխ-վարչապետ Մայա Ցքիթիշվիլի այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստան-Վրաստան առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 10-րդ նիստին առթիւ կը կայանայ այս երկօրեայ այցելութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մայա Ցքիթիշվիլիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ կը մասնակցի նաեւ Հայաստան-Վրաստան գործարար համաժողովին։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019