ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՎԻԵԹՆԱՄ ԵՒ ՍԻՆԿԱՓՈՒՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Հեռաւոր Արեւելք։ Այսպէս, իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը յառաջիկայ շրջանին ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Վիեթնամ եւ Սինկափուր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, 4-6 յուլիսին Փաշինեան պիտի գտնուի Վիեթնամի մէջ, իսկ 7-9 յուլիսին նախատեսուած են իր Սինկափուրի շփումները։ Բացի վարչապետի կողակից Աննա Յակոբեանէն, կառավարական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան, Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019