Ուրբաթ 7, Փետրուար 2025
ՔԱԼԸՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՄԻԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ»
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Թուրքիա բնականոնացման գործընթացէ մը կ՚անցնի Եգիպտոսի, Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ։ Իր խօսքով՝ անկարելի է արտաքին քաղաքակութիւնը կառավարել կռիւով եւ թշնամանքով։
«Թէ ինչո՞ւ 1992-ին Հայաստանի հետ դռները փակեցինք, Ղարաբաղի բռնագրաւման հետեւանքով։ Այժմ պայմանները փոխուեցան։ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ի մի եկան, Ղարաբաղ անկախացաւ, Հայաստանի հետ բնականոնացման գործընթացին սկիզբ դրինք։ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զօրակցութիւնով խնդիրը վերացաւ։ Ներկայիս Հայաստանի հետ կ՚ապրինք թափով բնականոնացման գործընթաց մը», ըսաւ Քալըն։
Իպրահիմ Քալըն այս յայտարարութիւնները ըրաւ «Habertürk» հեռուստակայանէն։
Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022