«ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ» ԶԻՆԵԱԼ ԽՄԲԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քը կա­թուա­ծա­հար դար­ձած է՝ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մեր­ձա­կայ Է­րե­բու­նի թա­ղա­մա­սի Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ գտնուող ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի բռնագ­րա­ւու­մով։ Տասն­մէկ օ­րէ ի վեր կ՚ապ­րուին ծան­րակ­շիռ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով լա­րուա­ծու­թիւնն ալ կը բարձ­րա­նայ աս­տի­ճա­նա­բար։

«Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւոր­ման ձեր­բա­կա­լեալ ա­ռաջ­նորդ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի ա­զատ ար­ձակ­ման եւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նի պա­հանջ­նե­րով՝ «Սաս­նայ ծռեր» կո­չեալ զի­նեալ խմբա­ւո­րու­մը նա­խորդ շա­բա­թա­վեր­ջին բռնագ­րա­ւեց յի­շեալ ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նը։ Բա­ւա­կան մտա­հո­գիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ՝ թէեւ պա­տանդ առ­նուած բարձ­րաս­տի­ճան բո­լոր ոս­տի­կան­նե­րը փրկուե­ցան, սա­կայն մթնո­լոր­տը չէ հան­դար­տած, կեան­քը բնա­կա­նոն հու­նին չէ վե­րա­դար­ձած Հա­յաս­տա­նի մէջ, ո­րով­հե­տեւ վե­րո­յի­շեալ ոս­տի­կա­նա­տան բռնագ­րա­ւու­մը կը շա­րու­նա­կուի։

Ոս­տի­կա­նա­տան բռնագ­րաւ­ման այս դէպ­քը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մու­թիւնն ալ դուրս գայ փո­ղոց, զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։ Թէ՛ խորհր­դա­րա­նի ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ թէ ար­տա­խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մա­դիր ու­ժեր Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին եւ ընդ­հան­րա­պէս Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ օ­րե­րէ ի վեր կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն բո­ղո­քի ցոյ­ցեր եւ եր­թեր։ Ա­տեն-ա­տեն ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն եւ ցու­ցա­րար­նե­րուն մի­ջեւ կ՚ապ­րուին լա­րուա­ծու­թիւն­ներ։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ալ մաս­նա­ւո­րա­պէս Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ կը տի­րէր ձգտեալ վի­ճակ։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը նա­խազ­գու­շա­կան խիստ մի­ջոց­ներ ձեռք ա­ռած էր։ Ցու­ցա­րար­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը հա­ւա­քուե­ցաւ Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ, ուր ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան շարք մը ընդ­դի­մա­դիր գոր­ծիչ­ներ. օ­րի­նակ՝ նա­խա­գա­հի նախ­կին թեկ­նա­ծու Անտ­րէաս Ղու­կա­սեան, «Ժա­ռան­գու­թիւն» կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան­նե­րէն Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան, Ազ­գա­յին ինք­նո­րո­շում միա­ւոր­ման ղե­կա­վար Պա­րոյր Հայ­րի­կեան, Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րէն Ա­լեք Ե­նի­գոմ­շեան եւ այլք։ Հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մըն ալ ու­նե­ցաւ սփիւռ­քա­հայ դե­րա­սա­նու­հի Ար­սի­նէ Խան­ճեան։ Ուշ գի­շե­րին, ցոյ­ցը հա­մա­կար­գող գոր­ծիչ­նե­րը ո­րոշ չա­փով հա­կա­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան ցու­ցա­րար­նե­րուն առ­ջեւ, սա­կայն ի վեր­ջոյ ո­րո­շուե­ցաւ, որ փա­փա­քող­ներ գի­շե­րեն այն­տեղ եւ կամ մար­դիկ վե­րա­դառ­նան ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը՝ ըստ ի­րենց ցան­կու­թեան։

Ա­մէն ինչ հա­րիւր տո­կո­սով չէր հան­դար­տած, սա­կայն այս ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն դար­ձեալ դէպ­քեր պա­տա­հե­ցան Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ։ Բռնագ­րա­ւեալ ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի տա­րած­քէն ներս ծա­գե­ցան բա­խում­ներ։ Ոս­տի­կա­նու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ տե­ղի ու­նե­ցած է փո­խա­դարձ հրաձ­գու­թիւն։ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան»ն ալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը գոր­ծած է յար­ձա­կում մը։ Այս բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուե­ցաւ ե­րեք հո­գի, ո­րոնց­մէ մին ոս­տի­կան մըն է։ Միւս վի­րա­ւո­րեալ­ներն են «Սաս­նայ ծռեր» խում­բէն Փա­ւել Մա­նու­կեան եւ իր որ­դին՝ Ա­րամ Մա­նու­կեան։ Ոս­տի­կա­նու­թեան աղ­բիւր­նե­րը սկիզ­բին տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ զի­նեալ­նե­րը դի­մադ­րու­թիւն ցոյց կու տան՝ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րու հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րու­թիւ­նը խո­չըն­դո­տե­լու հա­մար։ Ա­ւե­լի վերջ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ե­րեք վի­րա­ւո­րեալ­ներն ալ վի­րա­հա­տուած են եւ մաս­նա­գէտ­նե­րը ծանր կը հա­մա­րեն ա­նոնց վի­ճա­կը։ Ա­նոնց գոր­ծո­ղու­թեան են­թար­կուած հի­ւան­դա­նո­ցին առ­ջեւ ալ ա­պա­հո­վու­թեան մի­ջոց­ներ ձեռք առ­նուե­ցան ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն կող­մէ։

Ոս­տի­կա­նու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին նաեւ, թէ զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րէն Գա­գիկ Ե­ղիա­զա­րեան եւ Ա­րամ Յա­կո­բեան յանձ­նուած են ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն։ Ըստ նոյն պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն, հրաձ­գու­թիւ­նը դադ­րած է եւ կ՚ըն­թա­նան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ՝ զի­նեալ ան­ձե­րու յանձն­ման գոր­ծըն­թա­ցը ա­ւար­տին հասց­նե­լու նպա­տա­կով։

Բաց աս­տի, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւնն ալ ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց ձայ­նագ­րու­թիւն մը՝ զի­նեալ խում­բի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու նա­խա­յար­ձակ եւ սադ­րիչ բնոյ­թին վե­րա­բե­րեալ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռած է շարք մը ցու­ցա­րար­ներ։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2016