ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ «ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈՍՔ» ԿԱԶԱՄՈՒՂԻ ԾՐԱԳԻՐԸ
Անգարա-Մոսկուա ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցան կարեւոր քննարկումներ։ Մոսկուայի մէջ կողմերը քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի զանազան նիւթերը։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուեցաւ նաեւ «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի ծրագիրը։ Փոխ-վարչապետ Նուրետտին Ճանիքլի եւ Ռուսաստանի Փոխ-վարչապետ Արքատի Տվորքովիչ երէկ Մոսկուայի մէջ անդրադարձ կատարեցին այս նիւթին։ Թէեւ տակաւին վերջնական որոշում մը չէ ընդունուած, սակայն եղած են քննարկումներ եւ այս նիւթին շուրջ կը նախատեսուի մասնաւոր հանդիպում մը կազմակերպել։
Սոյն կազատարի շինարարութեան հարցին մէջ Եւրոմիութեան ժխտական դիրքորոշման հետեւանքով 2014 թուականի Դեկտեմբերին ռուսական կողմը հրաժարած էր «Հարաւային հոսք» նախագծէն, որով ծրագրուած կազատարը պէտք է անցնէր Պուլկարիոյ, Սերպիոյ եւ Հունգարիոյ տարածքներով։ Անոր փոխարէն պէտք է կառուցուի Թուրքիոյ տարածքով, Եւրոպայի հարաւային մասէն անցնող կազամուղ ուրիշ խողովակաշար մը, որ կը կոչուի «Թրքական հոսք»։ Այս նախագիծը սակայն սառեցուած էր Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ ծագած վերջին լարուածութեան հետեւանքով։
Ճանիքլիի հետ Մոսկուա մեկնած Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպեքճին ալ վերջին բանակցութիւններէն վերջ տեղեկացուց, թէ Թուրքիա-Ռուսաստան միջկառավարական յանձնաժողովին յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբերին՝ թրքական կողմին տանտիրութեամբ։ Զէյպեքճի նշեց, թէ Ռուսաստանի Տնտեսական զարգացման նախարար Ալեքսէյ Ուլեուքաեւի հետ համաձայնութեան հասած են՝ երեք ամիսը անգամ մը հանդիպելու ուղղութեամբ։
Ծանօթ է, որ յառաջիկայ 9 Օգոստոսին ալ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած է երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը։