ՌՈՒԷՆԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐ ՔԱՀԱՆԱՅ ՄԸ ԳԼԽԱՏԵՑԻՆ

Ֆրան­սա ե­րէկ ցնցուե­ցաւ հեր­թա­կան սահմռ­կե­ցու­ցիչ ա­հա­բեկ­չու­թեամբ։ Երկ­րի Նոր­ման­տիի շրջա­նի Ռուէն քա­ղա­քէն ներս, Սեն թ՚Է­թիէն-Տիւլ-Ռու­վա­րէ գա­ւա­ռա­կէն ներս «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման եր­կու ան­դամ­ներ յար­ձա­կե­ցան տեղ­ւոյն ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ։ Ա­նոնք գլխա­տե­ցին այդ ե­կե­ղեց­ւոյ 84-ա­մեայ հո­վի­ւը՝ Ժաք Ա­մե­լը։ Մէկ հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ ծան­րօ­րէն։ Անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը ան­մի­ջա­պէս մի­ջամ­տե­ցին եւ դէպ­քի վայ­րին վրայ սպան­նուե­ցան յար­ձա­կու­մը գոր­ծած ա­հա­բե­կիչ­նե­րը։ Յար­ձակ­ման ժա­մա­նակ պա­տանդ առ­նուած չորս ան­ձե­րէն ե­րե­քը փրկուե­ցան ա­ռանց վի­րա­ւո­րուե­լու։

Ներ­կա­յիս Ֆրան­սա­յի մէջ բա­ռին բուն ի­մաս­տով ա­հա­զան­գա­յին վի­ճակ մը ստեղ­ծուած է։ Յու­լի­սի 14-ին Նի­սի մէջ պա­տա­հած դէպ­քին ցնցու­մը տա­կա­ւին չյաղ­թա­հա­րած եր­կի­րը այս ան­գամ կը դի­մագ­րա­ւէ Ռուէ­նի այս ծանր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ Բա­ցի Ֆրան­սա­յէն, ընդ­հա­նուր առ­մամբ Եւ­րո­պա­յի մէջ խոր մտա­հո­գու­թիւն կը տի­րէ, քա­նի որ 18-24 Յու­լիս թուա­կան­նե­րուն Գեր­մա­նիոյ մէջ ալ ապ­րուե­ցան ի­րե­րա­յա­ջորդ հինգ նման յար­ձա­կում­ներ, ո­րոնց եր­կու­քին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած էր Ի­ՇԻՊ։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2016