ԼՈՒՐՋ ՎԵՐԵԼՔ

Պրազիլ-Ռուսաստան-Հնդկաստան-Չինաստան-Հարաւային Ափրիկէ (BRICS) գագաթաժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եոհաննէսպուրկի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ կը մասնակցի BRICS-ի գագաթաժողովին, որ տասներորդն է իր նմաններու շարքին։ Էրտողան Եոհաննէսպուրկի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ, որոնք եւս ներկայ էին գագաթաժողովին։ Եոհաննէսպուրկի շփումներուն ընթացքին Էրտողանի հետ էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք, Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Էրտողան ուրախութիւն յայտնեց Փութինի հետ տեսակցելու կապակցութեամբ։ Ան մատնանշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ շատ լուրջ վերելք մը ապահովուած է՝ քաղաքական, զինուորական, տնտեսական, մշակութային, առեւտրական եւ մնացեալ բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Երկու երկիրները կը նախատեսեն իրենց առեւտուրի ծաւալը հասցնել 100 միլիառ տոլարի մակարդակին։ Նախագահի խօսքով՝ ներկայ ընթացքով հնարաւոր պիտի ըլլայ հասնիլ այդ նպատակին։ Որովհետեւ երկու կողմերը հաւատք ունին այս ուղղութեամբ։ Զբօսաշրջութեան բնագաւառէն ներս ալ կան դրական զարգացումներ։ Այժմու կանխատեսումներով՝ ներկայ տարուան տեւողութեան 6 միլիոն զբօսաշրջիկ Թուրքիա այցելած պիտի ըլլայ։ «Այս բոլորին առընթեր մեր ամէն տեսակ զօրակցութիւնը իսկապէս կը գրգռէ ոմանց նախանձը», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ գոհունակութիւն յայտնեց երկկողմանի յարաբերութիւններու վերելքին կապակցութեամբ։ «Զանազան ճգնաժամերու յաղթահարման ուղղութեամբ մեր յարաբերութիւնները միշտ պիտի շարունակուին։ Անցեալ տարի առեւտուրի ծաւալը աւելցած էր 40.5 տոկոսով ու գերազանցած՝ 22 միլիառ տոլարի սահմանը։ Շատ ուրախ եմ մեր հանդիպման համար, մեծ գոհունակութիւն կը զգամ համատեղ աշխատանք ծաւալելու բերումով», ըսաւ Վլատիմիր Փութին։

Միւս կողմէ, Էրտողանի դէպի Եոհաննէսպուրկ ուղեւորութիւնը լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի տեսակէտէ։ Արդարեւ, այդ կազմակերպութիւնը ազդու ձեւով ներթափանցած էր Հարաւային Ափրիկէ՝ այնտեղ ստեղծած դպրոցներու ցանցով հանդերձ։ Էրտողան Եոհաննէսպուրկի մէջ ընդգծեց թրքական կողմի ակնկալութիւնը՝ որպէսզի այդ դպրոցները կա՛մ փակուին եւ կամ յանձնուին Թուրքիոյ։ Ըստ իրեն, 15 յուլիսին Թուրքիոյ գլխուն փորձանք բացած այս ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ապագային նոյնը կրնայ ընել նաեւ Հարաւային Ափրիկէի դէմ։ «ԻՇԻՊ-ը ինչ որ է՝ ՖԵԹԷՕ-ն ալ այդ է։ ՓՔՔ-ն ինչ որ է՝ Պոքօ Հարամն ալ այդ է», յայտարարեց Էրտողան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա թոյլ պիտի չտայ՝ որպէսզի ՖԵԹԷՕ կեղտոտէ Ափրիկէն։ Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա ՖԵԹԷՕ-ի ողնայարը կոտրած է երկրէն ներս, իսկ արտասահմանի մէջ բացայայտած՝ անոր բուն դէմքը։

Ուրբաթ, Յուլիս 27, 2018