ԱՆԳԱՐԱ-ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՌԱՆՑՔԻՆ ՎՐԱՅ ԲԱՐԴ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ դարձեալ խօսեցաւ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու գործադրութեան մասին։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ դժուարութիւնները կը շարունակուին՝ Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու ձեռքբերման հետեւանքով։ Ամերիկեան կողմի առաջին արձագանգը եղաւ՝ «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու ծրագրէն Թուրքիան դուրս թողելը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ ուրիշ պատժամիջոցներ ալ կրնան կիրարկուիլ Թուրքիոյ դէմ, որովհետեւ իրենց նպատակն է՝ խոչընդոտել «Ս-400» համակարգերու օգտագործումը։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա ռուսական հրթիռային համակարգերու տակաւին միայն առաջին խմբաքանակը ստացած է, ուստի, ամերիկեան կողմը կը փափաքի, որ թրքական իշխանութիւնը այս հարցը վերատեսութեան ենթարկէ։ Ըստ Մայք Փոմփէոյի, Թուրքիայէն կ՚ակնկալուի Ռուսաստանէն ձեռք բերուած այդ հրթիռային համակարգերը գործնական վիճակի չբերել։

Սպիտակ տունէն ալ երէկ այս հարցին վերաբերեալ հնչեցին նոր յայտարարութիւններ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ «Ս-400»ներու հարցին մէջ չի մեղադրեր Թուրքիան։ Ան յստակ որեւէ թուական չնշեց Թուրքիոյ դէմ նախատեսուած պատժամիջոցներու հարցին շուրջ։

ԱՄՆ-ի քոնկրէսի աշխոյժ անուններէն Հանրապետական ծերակուտական Կրահամն ալ նշեց, որ պէտք է մէկ կողմ թողուլ «Ս-400»ները ու պէտք է խօսիլ ազատ առեւտուրի մասին։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ այս իրադարձութիւններուն կը հետեւի անմիջական ուշադրութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ քննադատեց ԱՄՆ-ի կողմէ «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու ծրագրէն Թուրքիոյ դուրս թողուիլը։ Էրտողան երէկ ակնարկեց, որ Թուրքիա կրնայ հրաժարիլ ԱՄՆ-էն ներածելիք հարիւր «Պոինկ» օդանաւերու ծրագրէն։

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019