ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆՓՈՓՈԽ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ երէկ տեղեկացուց, որ նոր դէպքերը վերջին օրերուն միջին հաշուով կը մնան նոյն մակարդակին վրայ։ Առողջացած հիւանդներու եւ նոր վարակուածներու թիւի  տարբերութիւնն ալ կը պարզէ նոյն պատկերը։

Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին տուեալները։ Այսպէս, երկրէն ներս երէկ 40 հազար 16 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ 927 նոր վարակեալ ստուգուեցաւ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 17 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ բուժուածներու թիւը եղաւ 1010։ Այս պահու դրութեամբ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1249 հիւանդ, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ վարակեալներու թիւն է 387։ 

Վերջին տուեալներով, Թուրքիոյ մէջ ցայսօր 5613 հոգի զոհ գացած է համաճարակին։ Ցայսօր բուժուած վարակեալներու ընդհանուր թիւն է 209 հազար 487։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2020