ՃՀՓ-Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Շաբաթավերջին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի համագումարը։ Արդիւնքին Քեմալ Քըլըչտարօղլու վերընտրուեցաւ կուսակցապետ։ «Իշխանութեան համագումար» կարգախօսով կազմակերպուած էր երկօրեայ այս ընդհանուր ժողովը։

37-րդ հերթական համագումարի ընթացքին ընտրուեցաւ նաեւ կուսակցութեան խորհուրդը, որու անդամակցելու համար 228 հոգիի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր։ Քեմալ Քըլըչտարօղլու կուսակցութեան խորհուրդի համար նախատեսած էր 80 անունէ բաղկացեալ բանալի ցուցակ մը։ 1357 ՃՀՓ-ական պատգամաւորները ընտրեցին կուսակցապետն ու կուսակցական մարմիններու անդամները։ Վաթսուն հոգիէ բաղկացեալ կուսակցական խորհուրդին համար Քեմալ Քըլըչտարօղլու նախատեսած էր ութսուն հոգիէ բաղկացեալ այդ բանալի ցուցակը, որու մէջ էին 19-ամեայ Էսրա Տիրիճան եւ Սեւկի Քըլըչ, որ կը կրէ գլխաշոր։

ՃՀՓ-ականները կուսակցական խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքին կը հետեւին անմիջական ուշադրութեամբ։ Արդարեւ, այս մարմինը իրաւասու է ՃՀՓ-ի կողմէ առաջադրուած երեսփոխանի եւ քաղաքապետի թեկնածուներու ճշդուելուն մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2020