ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետ Ֆայէզ էլ Սարրաճը։ «Վահտետտին» ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու բովանդակութեան կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։

Բաց աստի, Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Այա Սոֆիայի՝ որպէս մզկիթ պաշտամունքի վերաբացման։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան այս առթիւ կրկնեց Թուրքիոյ զօրակցութիւնը ի նպաստ Պաղեստինի։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2020