ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԶԵԼԵՆՍՔԻ ԽՕՍԵՑԱՆ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ուքրայնոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Ուքրայնոյ տագնապին եւ լուծման հեռանկարներուն։ Այս ճգնաժամի լուծման նպատակով անցեալ տարի Փարիզի մէջ տեղի ունեցած էր Նորմանտիոյ քառեակի (Գերմանիա, Ֆրանսա, Ռուսաստան, Ուքրայնա) երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Այդ գագաթաժողովի ընթացքին առնուած որոշումներու գործադրութեան նիւթը օրակարգի վրայ եկաւ Փութինի եւ Զելենքսիի երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին։

Այսօր կէս գիշերի դրութեամբ Տոմպասի մէջ կողմերու միջեւ ծաւալուն հրադադարի մը հաստատուիլը նախատեսուած է։ Փութին եւ Զելենսքի այս կապակցութեամբ արտայայտեցին իրենց գոհունակութիւնը։ Երկու ղեկավարներու միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի յաւելեալ միջոցներ կեանքի կոչուին՝ հրադադարի ամրապնդման նպատակով։

Այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ նշուած է, որ Փութին եւ Զելենսքի կանգ առած են ձերբակալեալներու հարցին վրայ եւ այս ծիրին մէջ խորհրդակցած են, որպէսզի Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան իրաւասուները կարենան հասնիլ անոնց։ Բաց աստի, ԵԱՀԿ-ի մասնաւոր դիտարկման առաքելութեան գործունէութիւնը, շփման գծի վրայ նոր անցակէտերու բացուիլը, զէնքերու շփման գիծէն հեռացումը, ինչպէս նաեւ շփման գծի ականազերծման նիւթերու շուրջ համագործակցութիւնը ուշադրութեան առարկայ դարձած են Փութին-Զելենսքի հեռախօսազրոյցի ընթացքին։

Ի լրումն այս բոլորին, Զելենսքի Փութինի նկատառման յանձնած է Խրիմի թաթարներէն Ռուսլան Սիւլէյմանովի ազատ արձակման նիւթը՝ յիշեցնելով, որ ողբերգական ձեւով մահացած է անոր երեք տարեկան որդին։ Ըստ Զելենսքիի, Տոմպասի, Խրիմի եւ Ռուսաստանի մէջ ձերբակալուած ուքրանացիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ քայլեր պէտք է առնուին։ Կողմերը շօշափեցին նաեւ Տոմպասի շրջանին համար մասնաւոր կարգավիճակին շուրջ օրէնք մը մշակելու եւ Ուքրայնոյ Սահմանադրութեան կեդրոնաձիգութեան տրամադրութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու վերաբերեալ խնդիրները։

ԳԵՐՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶԷՆՔԵՐ

Միւս կողմէ, Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ռուսաստանի ռազմածովային ուժերը շուտով պիտի սկսին գերձայնային զէնքեր օգտագործել։ Երէկ, Փութին մասնակցեցաւ Ռուսաստանի ռազմածովային ուժերու շքերթին, որ տեղի ունեցաւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։ Այս առթիւ ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին նշեց, որ Ռուսաստանի նաւատորմը պիտի համալրուի նոր զինատեսակներով՝ ներառեալ գերձայնային համակարգերով, որոնք աշխարհի վրայ իրենց նմանը չունին։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ վերջերս հաղորդած էր, որ շուտով կ՚աւարտի ռազմածովային ուժերու համար նախատեսուած երկու նոր զինատեսակներու փորձարկման աշխատանքը։ Այդ նոր զինատեսակներն են՝ «Ցիրքոն» հրթիռային համակարգը եւ «Փոսէյտոն» ստորջրեայ անօդաչու սարքը։ Ըստ հաղորդումներու, «Ցիրքոն»ը պիտի կարողանայ որսալ իր թիրախները աւելի քան 1000 քիլօմեթր հեռաւորութենէն գերձայնային արագութեամբ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2020