ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ այս շրջանին տարեկան ամրան արձակուրդի մէջ կը գտնուի, աշխատանքային այցելութիւններ կու տայ երկրի զանազան մարզերը։ Այս ծիրէն ներս ան երէկ Արմաւիրի մարզին մէջ էր։ Վարչապետը օրուան տեւողութեան այցելեց Հայաստան-Թուրքիա սահմանի «Մարգարա» անցակէտը։ Հարկ է յիշեցնել, որ Անգարա-Երեւան բնականոնցման որոնումներուն զուգահեռ՝ այդ սահմանադրան ամբողջ ենթակառուցուածքը վերանորոգուած է ու դարձած՝ օգտագործման պատրաստ։
Միւս կողմէ, Երեւան հերթական անգամ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ջանքերու ճանապարհին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրաւոր պատասխան մը տուաւ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ «Սփութնիկ-Արմենիա» գործակալութեան հարցման։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Երեւան յանձնառու է Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ, փոխադարձաբար, Անգարայէն նոյնը կ՚ակնկալէ։
Հայկական կողմը թրքական կողմի յանձնառութեան ու պատրաստակամութեան կը սպասէ՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագրի տէրերու համար ցամաքային սահմանի բացման հարցին շուրջ։
Երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ նոր հանդիպման մը կազմակերպման հաւանականութեան մասին ալ նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ հանրութիւնը պատշաճ ժամկէտով տեղեակ կը պահուի, եթէ համապատասխան համաձայնութիւն մը գոյանայ։