ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Կը հաղորդուի, որ տեսակցութեան ընթացքին երկու նախագահները անդրադարձած են Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու ղեկավարները վերահաստատեցին նաեւ իրենց վճռակամութիւնը՝ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ տարածքէն ներս ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շուրջ Էրտողան մանրամասնութիւններ յանձնեց իր ռուս պաշտօնակցի նկատառման։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու նախագահները համակարծիք են՝ թափ տալու համար այն ջանքերուն, որոնք միտուած են մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել դէպի Հալէպ։ Տարածքաշրջանի անվտանգութեան տեսակէտէ երկու նախագահները կարեւորեցին նաեւ բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ հասարակաց պայքարը՝ գլխաւորութեամբ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը։
Էրտողան եւ Փութին միեւնոյն ժամանակ պայմանաւորուեցան, որպէսզի Չինաստանի մէջ նախատեսուած «G-20» գագաթաժողովին ընթացքին ունենան հանդիպում մը։
Երէկ, Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն տեսակէտէ ուրիշ ուշագրաւ իրադարձութիւն մըն ալ զգաղեցուց հանրային կարծիքի օրակարգը։ Արդարեւ, Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմով Անգարայի մէջ շփումներ պիտի ունենար՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հրաւէրով։ Անակնկալ ձեւով ռուս բարձրաստիճան զինուորականի այցելութիւնը յետաձգուեցաւ։