ՄԷԿ ՕՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ 100 ՀԱԶԱՐԷ ԱՒԵԼԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի պայմաններուն ներքեւ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած քննութիւններուն թիւը առաջին անգամ գերազանցեց 100 հազարի շեմը։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 100 հազար 109 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1313 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 20 հիւանդ զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներուն թիւը եղաւ՝ 1002։ Ներկայ դրութեամբ 841 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքներու մէջ ստիպողական դարձած է նախազգուշական յաւելեալ միջոցներ ձեռք առնել։ «Եթէ միասնաբար հնազանդինք նախազգուշական միջոցներուն, ապա կրնանք յաջողութեան հասնիլ։ Ի վերջոյ ժահրը պիտի պարտուի», ըսաւ ան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020