ԱԼՊԱՅՐԱՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՄԵԾԱՄՕՐԻ ՓԱԿՈՒԻԼԸ
Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք յայտարարեց, որ Մեծամօրի աթոմակայանը կը շարունակէ մտահոգութեան առիթ մը մնալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միւս հարեւաններուն համար։
Վիեննայի մէջ, ՄԱԿ-ի տեղւոյն կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին Պերաթ Ալպայրաք հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան շեշտեց, թէ ժամկէտանց աթոմակայաններու անվտանգութեան խնդիրը Թուրքիոյ տեսանկիւնէն մտահոգութեան առիթ մըն է։ Հետեւաբար, նախարարը կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլոր երկիրները վերատեսութեան ենթարկեն նման կացութիւնով աթոմակայաններու պարագան։ Ալպայրաք մատնանշեց, որ Հայաստանէ ներս Մեծամօրի աթոմակայանը ունի 47 տարուան անցեալ մը ու կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանէն միայն 16 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ալպայրաքի խօսքերով, Մեծամօրի աթոմակայանը զուրկ է պաշտպանական կառոյցներէ, հետեւաբար պէտք է փակուի։
Վիեննայի իր ելոյթին ընթացքին Ալպայրաք ընդգծեց, թէ հիւլէական անվտանգութիւնը պէտք է համարուի գերադաս եւ անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցները պէտք է ձեռք առնուին ռիսքերու կանխարգիլման համար։