ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Երեւանի մէջ համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքին եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին միջեւ։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին ակադեմիոյ ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան եւ համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան։ Ստորագրութեան արարողութեան ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Երկու գիտական կառոյցներու ներկայացուցիչները այս առթիւ շեշտեցին այն հանգամանքը, թէ սոյն յուշագրի կնքումը նոր ու մեծ լիցք մը պիտի հաղորդէ կողմերու գործակցութեան եւ համատեղ աշխատանքին։ Յառաջիկայ շրջանին համար կողմերը պայմանաւորուեցան իրականացնել համատեղ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, կազմակերպել համատեղ գիտաժողովներ ու սեմինարներ, առցանց կլոր սեղաններ, մշակել եւ իրականացնել համատեղ կրթական ծրագրեր, փոխանակել մասնագէտներ եւ այլն։
Շնորհաւորութիւններ փոխանցելով համագործակցութեան այս նոր ձեւաչափով հայագիտութեան պահպանման ու զարգացման ուղղեալ աշխատանքներու մեկնարկին առթիւ՝ Հրանոյշ Յակոբեան վստահութիւն յայտնեց, որ այս յուշագրին կնքումը պիտի նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք գիտական ու կրթական կապերու ամրապնդման, հայկական Սփիւռքի արդի խնդիրներու գիտական ուսումնասիրութեան, սփիւռքագիտութեան բնագաւառէ ներս երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստութեան, վերապատրաստութեան, մասնագիտական կատարելագործման եւ անոնց միջեւ փորձառութեան փոխանակման։
Միեւնոյն ժամանակ Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Փոլ Հայտոսթեանի դերը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան բերած նպաստին, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան ուղղութեամբ արձանագրած յաջողութիւններուն, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման բերած նպաստին բերումով։ Այս բոլորին լոյսին տակ Հրանոյշ Յակոբեան Փոլ Հայտոսթեանը պարգեւատրեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլով։
Աւելի վերջ ելոյթներով հանդէս եկան Եուրի Սուվարեան, Փոլ Հայտոսթեան, ինչպէս նաեւ հաւաքոյթին մասնակից այլ շարք մը գիտնականներ։