ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ դա­սա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հե­ղի­նա­կա­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ Այս­պէս, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Հիւս­թը­նի մէջ այ­ցե­լեց Ռայ­սի հա­մալ­սա­րա­նի «Ճէյմս Պէյ­քըր» հան­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կա­ճա­ռը, ուր ծա­ւա­լուն դա­սա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ՝ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուրջ։

Կը հա­ղոր­դուի, որ հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան հե­ղի­նա­կա­ւոր վեր­լու­ծա­բան­ներ ու գիտ­նա­կան­ներ, գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Հիւս­թը­նի մէջ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ղե­կա­վար­ներ եւ այլք։

Հա­ւա­քոյ­թը վա­րեց ա­մե­րի­կա­հայ ա­կա­նա­ւոր դի­ւա­նա­գէտ դես­պան Ե­դուարդ Ճե­րե­ճեան, որ հիւ­րըն­կալ կա­ճա­ռի հիմ­նա­դիր-տնօ­րէնն է։

Իր խօս­քին մէջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց ան­կա­խու­թեան քսան­հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի ան­ցած ու­ղին, Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, տա­րած­քաշր­ջա­նի խնդիր­նե­րու եւ ա­նոր լուծ­ման ու­ղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հայ­կա­կան կող­մի մօ­տե­ցում­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան հան­գա­մա­նա­լից ձե­ւով անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին։ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան փոր­ձե­րը՝ զերծ մնա­լու այդ հան­դի­պում­նե­րը կեան­քի կո­չե­լէ։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան խօ­սե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­ձեռ­նող դե­րա­կա­տա­րու­թեան շուրջ՝ մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ան կանգ ա­ռաւ նաեւ զա­նա­զան մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րէ ներս Հա­յաս­տա­նի ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան ու շարք մը մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նե­րու հետ հայ­կա­կան կող­մի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վրայ։ Նա­խա­րա­րը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի հե­տե­ւանք­նե­րուն, գաղ­թա­կա­նաց հոս­քե­րուն եւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին։

Դա­սա­խօ­սու­թեան ա­ւար­տին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու բազ­մա­թիւ հար­ցում­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016