ՄԱՀ՝ ԱՐԱ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ սփիւռքահայ մտաւորական Արա Կարմիրեան։ Թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ ան կնքած է իր մահկանացուն, սակայն իր կորուստը ցաւալի է՝ մանաւանդ, որ սփիւռքեան մեր իրականութենէն կը պակսին իրեն նման մտաւորական դէմքերը։ Որպէս ճարտարագէտ, գրող ու ֆիլաթելիստ ան իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին էր։
Արա Կարմիրեան 1920 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ 1939 թուականին աւարտած էր Մխիթարեան վարժարանը։ 1945 թուականին որպէս ճարտարագէտ վկայուած էր Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանէն։ Ամուսնացած էր Անելկա Տէր-Մարգարեանի հետ, որ անուանի մտաւորական Արփիար Տէր-Մարգարեանի շառաւիղներէն էր։ Արա եւ Անելկա Կարմիրեան ամոլը բախտաւորուած էր երկու զաւակով՝ Անի եւ Գառնիկ։
Արա Կարմիրեան մաս կազմած էր Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադիրներու շարքին եւ ստանձնած՝ վարչական պատասխանատուութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ Մխիթարեան վարժարանէն ներս թուաբանութեան ուսուցիչ եղած էր 1960-ականներուն։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան շրջանին ալ բերած էր իր նպաստը։ Օսմանեան շրջանի դրոշմաթուղթերու մասնագէտ մըն էր եւ անդամ՝ Թուրքիոյ Ֆիլաթելիստներու միութեան։
Արեւելեան երաժշտութեան համակիր մըն էր։ Ան որդին էր անուանի երաժիշտ ու յօրինող Գառնիկ Կարմիրեանի։ Իր հօրը երաժշտական ժառանգը արժեւորած էր գիրքի մը հրատարակութեամբ եւ այդ գործը առիթ հանդիսացած էր ուրիշ ստեղծագործութիւններու։
1984 թուականին Արա Կարմիրեան հաստատուած էր Գանատա։ Մոնրէալի Պոլսահայ միութեան սիւներու շարքին կը դասուէր վերջին տասնամեակներուն։
Արա Կարմիրեան հեղինակած էր շարք մը գիրքեր։ Կ՚աշխատակցէր «Մարմարա» օրաթերթին ու վերջին շրջանին գիրքի ծրագրերուն համար կը համագործակցէր «Արաս» հրատարակչութեան հետ։
96 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքած Արա Կարմիրեանի կորուստը խոր ցաւ պատճառած է Պոլսոյ երէց սերունդէ իր բարեկամական շրջանակին։
Այս տխուր առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր այրիին, զաւակներուն եւ իր ամբողջ ընտանիքին, ի մասնաւորի Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի ծրագրերու տնօրէնուհի Անի Կարմիրեանի։