ՊՈՐԻՍ ՃԱՆՍԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պո­րիս Ճան­սըն կ՚այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Ե­ռօ­րեայ ու­ղե­ւո­րու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նին ան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Կա­զիան­թէ­պի մէջ։ Ճան­սըն այ­ցե­լեց գաղ­թա­կա­նաց ճամ­բա­րը, ուր զրու­ցեց ա­պաս­տա­նեալ ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ։ Ման­կա­պար­տէ­զի մը մէջ ան լսեց փոք­րիկ­նե­րուն ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րը։ Ճան­սըն հե­տե­ւե­ցաւ նաեւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան զօր­քե­րուն կող­մէ կրթուած սու­րիա­ցի­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­մը։

Պո­րիս Ճան­սը­նի ու­ղե­ւո­րու­թեան ծրա­գի­րը այ­սօր կը շա­րու­նա­կուի մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հիւր նա­խա­րա­րը կ՚այ­ցե­լէ նաեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղով, ուր տեղ­ւոյն վրայ կը տես­նէ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձի ըն­թաց­քին յա­ռա­ջա­ցած վնաս­նե­րը։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016