Ֆրան­սա 2020 ԹՈՒԱԿԱՆէն Սկսեալ Պի­տի Ար­գի­լէ Կեր­պըն­կա­լէ Պնա­կե­ղէ­նը

Ֆրան­սա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը որ­դեգ­րած են օ­րէնք մը, որ կ՚ար­գի­լէ 2020 թուա­կա­նէն սկսեալ կեր­պըն­կա­լէ մէկ ան­գամ օգ­տա­գոր­ծուող պնա­կե­ղէ­նի վա­ճառ­քը: Մինչ այդ ար­տադ­րող­նե­րը պէտք է ձեր­բա­զա­տուին բո­լոր գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կեր­պըն­կա­լէ ամ­բողջ ար­տադ­րանք­նե­րէն: Հե­տա­գա­յին ա­նոնք պի­տի կա­րե­նան այդ­պի­սի ապ­րանք­ներ ար­տադ­րել միայն կեն­սա­տար­րա­լու­ծուող նիւ­թե­րէ:

«Է­սո­շիէյ­թըտ Փրէս» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ այս օ­րէն­քը որ­դեգ­րուած է բնա­պահ­պա­նու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ կեր­պըն­կա­լէ թա­փօն­նե­րու վե­րամ­շակ­ման հա­մար ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ծախ­սե­րու կրճատ­ման նպա­տա­կով:

Բաց աս­տի, 2017 թուա­կա­նէն սկսեալ Ֆրան­սա­յի մէջ խա­նութ­նե­րը յա­ճա­խորդ­նե­րուն պի­տի տան միայն թուղ­թէ տոպ­րակ­ներ եւ թե­լե­րով աշ­խատ­ցուած պա­յու­սակ­ներ:

Ֆրան­սա­յի Բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սե­կո­լէն Ռուա­յալ քննա­դա­տած է օ­րէն­քը՝ նշե­լով, որ այդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը պի­տի հա­րուա­ծէ նախ եւ ա­ռաջ քիչ ա­պա­հո­վուած ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք յա­ճախ կ՚օգ­տուին մէկ ան­գամ օգ­տա­գոր­ծուող պնա­կե­ղէն­նե­րէն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016