Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱԾ ԵՆ՝ ՊԵՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐԸ

Համայնքային շրջանակներէ ներս վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ են ուրախառիթ լսումներ, ըստ որոնց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը պետական իշխանութիւններէն ստացած է՝ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հատուցման գումարները։ Հարկ է նշել, որ Վոսփորի կամուրջի շինարարութեան շրջանին Սուրբ Խաչ դպրեվանքին պատկանող տարածք մը օգտագործուած էր ճանապարհաշինութեան համար։ Այդ ժամանակէն ի վեր առկախուած էր այդ տարածքի հատուցման խնդիրը։ Բաց աստի, Սուրբ Խաչ դպրեվանքը Ֆեներպահչէի մէջ ունի շարք մը յարկաբաժիններ, որոնց պարագային անցեալին անարդարութիւններ ծագած էին, ոտնձգութիւններ՝ սեփականութեան իրաւունքի տեսակէտէ։

Խնամակալութիւնը իրաւական պայքարի ձեռնարկած էր այդ բոլորին դէմ՝ հաստատութեան կարգավիճակի խնդրի լուծումէն վերջ։ Հիմա այդ յամառ աշխատանքին արդիւնքը արդէն կը քաղուի։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, այդ ամբողջ դատերէն վերջ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի որպէս հատուցում պետական պատկան մարմիններու կողմէ պէտք է վճարուի շուրջ 25 միլիոն թրքական լիրա, սակայն յստակ գումարը պիտի ճշդուի տոկոսներու հաշուարկէն վերջ։ Այս իրադարձութիւնը համայնքէն ներս ստեղծած է դրական արձագանգ՝ մասնաւորապէս ժամկէտին ալ առումով, որովհետեւ վարժարաններու գոյատեւման իմաստով նիւթական լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ մեր համայնքը։

Յամենայնդէպս, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը տակաւին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն կատարած չէ այս նիւթին կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018