ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Համայնքային կեանքի օրակարգը ամբողջութեամբ կը բնորոշուի Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ իրադարձութիւններով։ Նախաձեռնարկ մարմինը թէեւ արտասահմանի թեկնածուներու դրուած կանոնադրական սահմանափակման բերումով մինչեւ երկուշաբթի ժամանակ պահանջած է՝ գործընթացի ապագան հունաւորելու համար, սակայն գործնական գետնի վրայ այլ մթնոլորտ մը ստեղծուած է։ Արդարեւ, թեկնածուներու քարոզչական աշխատանքները աստիճանաբար թափ կ՚առնեն։ Այս ամբողջին մէջ բաւական աշխուժութիւն կը դրսեւորեն Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համախոհ համակիրները։

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համախոհներուն ու համակիրներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն մը։ Անոնք կարծիքի փոխանակումներ ունեցան պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի յառաջիկայ փուլերուն շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ պետութեան կողմէ կանոնադրութիւնը հասած է, պաշտօնական գործընթացին մէջ իրերայաջորդ փուլեր պիտի սկսին եւ այդ բոլորին առընչութեամբ երէկուան խորհրդակցութեան մասնակիցները արտայայտեցին իրենց տեսակէտները։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համակիրները ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ ընտրացուցակներու կատարելագործման ու արդիականացման հարցերը։

Երեկոյթի ընթացքին ծաւալուած քննարկումները վարեց յայտնի համայնքային գործիչ ու բարերար Խաչիկ Ճանէլ, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախընտրական արշաւի համակարգողներէն մին է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019