44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍԿԻԶԲԻ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Այսօր Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցն է։ 44-օրեայ պատերազմի տարելիցին առթիւ այս առաւօտ, տեղւոյն ժամով՝ 11.00-ին պահուեցաւ յարգանքի լռութիւն։ Բացի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան պաշտօններէն, դարձեալ մարդաշատ է Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը, ուր մարդիկ կը փութան նահատակներու յիշատակին առջեւ իրենց խոնարհումը բերելու։ Երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ արդէն Եռաբլուրը սկսած էր դառնալ մեծ բազմութիւններու ժամադրավայրը։ Եռաբլուրի այցելուներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Մինչ այդ, Երեւանի մէջ այս տարելիցին առթիւ բացուեցաւ «1080 ժամ» խորագրեալ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը. «Մէկ տարի առաջ այսօր սկսաւ մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ ամենադաժան, Արցախի երկրորդ պատերազմը, որ մեզմէ խլեց երիտասարդ կեանքեր ու ճակատագրեր։ Կը խոնարհիմ բոլոր նահատակներու յիշատակին առջեւ, անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն առջեւ… Պատերազմէն մէկ տարի անց, բացի հազարաւոր զոհերէ ու վիրաւորներէ, տակաւին ունինք գերութեան եւ անյայտութեան մէջ գտնուող զաւակներ։ Այսօր առաւել քան երբեւէ պէտք է ներդնենք մեր ուժերը յանուն գերիներու վերադարձի, յանուն վիրաւորներու ապաքինման, յանուն անյայտ կորսուածներու յայտնաբերման։ Յանուն ուժեղ Հայաստանի եւ Արցախի… Պէտք է կարողանանք մեր գլուխները բարձր եւ մեր մէջքերը ուղղած դուրս գալ ստեղծուած իրավիճակէն եւ թէկուզ դանդաղ քայլերով, բայց, շարժինք յառաջ…»։

Միւս կողմէ, այս առաւօտ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ, որոնք քննարկեցին պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ աշխատանքներուն ընթացքը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2021