ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցաւ 20-ա­մեայ հայ զի­նուոր մը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զի­նուոր­նե­րէն Գուր­գէն Այ­վա­զեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն զո­հուե­ցաւ Ատրպէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։ Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ հայ եւ ա­զէ­րի զօր­քե­րու շփման գծի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ՝ Թա­լի­շի շրջա­նին մէջ։

Պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ հար­ցաքն­նու­թիւն կը կա­տա­րուի՝ դէպ­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ճշդե­լու հա­մար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016