ՀԱԹԱՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԻՍԿԵՆՏԵՐՈՒՆ՝ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Հաթայի Փայաս գաւառակէն ներս երէկ երեկոյեան ժամերուն պատահեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, անվտանգութեան ուժերը փափաքեցան կասեցնել բեռնատար մը, որու մէջ կը գտնուէր երկու ուղեւոր։ Բայց եւ այնպէս, այդ բեռնատարը կանգ չառաւ ու փորձեց խոյս տալ խուզարկման կէտէն։ Անվտանգութեան ուժերն ալ սկսան հետապնդել այդ բեռնատարը։ Ահաբեկիչները կրակեցին անվտանգութեան ուժերուն վրայ։ Մինչ այդ, բեռնատարը տապալեցաւ։ Ահաբեկիչները ուրիշ ինքնաշարժ մը առգրաւելով շարունակեցին խոյս տալ։ 26 քիլօմեթր այս ձեւով շարունակուեցաւ հետապնդումը եւ ահաբեկիչներու օգտագործած ինքնաշարժը կասեցուեցաւ Իսկենտերունի Ֆէնէր պողոտային վրայ։ Ահաբեկիչները հեռահար հրացաններով կրակեցին անվտանգութեան ուժերուն վրայ։ Անոնցմէ մին ինքզինք պայթեցուց՝ երբ զգաց, թէ պիտի չկարողանայ խոյս տալ։ Ոստիկան մը թեթեւ ձեւով վիրաւորուեցաւ դէպքին հետեւանքով։ Ընդհարումի ժամանակ միւս ահաբեկիչն ալ մահացաւ։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յաջողութեամբ եզրափակուած այս գործողութեան բերումով շնորհաւորական մը հրապարակեց իրաւապահ մարմիններուն համար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020