ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ժողով մը գումարեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը՝ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Չորս ժամ տեւեց խորհուրդի քննարկումները, որոնց աւարտին հրապարակուեցաւ պաշտօնական զեկոյց մը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ օրակարգի վրայ եկած են երկրի անվտանգութեան վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցեր։ Բոլոր ծալքերով արժեւորուած է՝ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնը։ Շեշտուած է, որ այս գործողութիւնը նպաստած է տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ու պիտի շարունակուի՝ մինչեւ իր նպատակին հասնիլը։ Շեշտուեցաւ նաեւ, որ նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք կ՚առնուին՝ կանխելու համար քաղաքային ժողովուրդի տուժելը։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի զեկոյցին մէջ յիշեցուեցան նաեւ այն համաձայնութիւնները, որոնք ստորագրուած են Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտիի մը հաստատման նպատակով։ Այդ համաձայնութիւնները ստորագրած երկիրներէն կ՚ակնկալուի՝ ժամ առաջ աւարտին հասցնել ահաբեկչական տարրերու մաքրագործման աշխատանքները՝ ներառեալ Թել Ռըֆաթի եւ Մենպիչի շրջանները։
Կիպրոսի եւ արեւելեան Միջերկրականի գլխաւորութեամբ, խորհուրդը նկատի առաւ նաեւ տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային հրատապ իրադարձութիւնները։ Ժողովականները նկատի առին նաեւ 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ արտասահմանի մէջ ընդունուած որոշումները։ Շեշտուեցաւ, որ պատմական կամ իրաւական հիմքերէ զուրկ են այդ որոշումները, որոնք կը համարուին պախարակելի։ Նոյն ամբողջին մէջ նշուեցաւ, որ ժամանակը եկած է ճշմարտութիւնները ի յայտ բերելու համար։