ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի երկրի զինեալ ուժերու կազմաւորման 24-րդ տարեդարձը։ Հայոց բանակի օրուան առթիւ, Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, այս առաւօտ Հայաստանի պետական աւագանին յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։ Ներկայ էին նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գերեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան։ Այս առթիւ ծաղիկներ թողուեցան ի յիշատակ նահատակներուն, մինչ Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած անոնց հոգւոյն հանգստութեան համար։
Բանակի օրուան առթիւ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն մը՝ Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ հանդէս եկաւ շնորհաւորական ելոյթով մը եւ խումբ մը զինուորներու եւ սպաներու յանձնեց պետական պարգեւներ, ոմանց ալ շնորհեց բարձր կոչումներ։
Միւս կողմէ, նոյն շարժառիթով երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ տեղի ունեցան արարողութիւններ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Հայկական զինեալ ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարները։ Արարողութենէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պարգեւներ յանձնեց շարք մը զինուորականներու՝ գնահատելով անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը։ Բանակի օրուան առթիւ Վեհափառ Հայրապետը երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Հայոց բանակի հոգեւոր սպասաւորներուն հետ։