ՄԱՆՐԱՄԱՍՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժան, նաեւ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէրը, որոնք վերջին օրերուն այցելեցին Երեւան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան եւ Նիքոլայ Պորտեուժա քննարկեցին ՀԱՊԿ-ի մօտ Հայաստանի նախագահութեան շրջանակներէն ներս ներկայացուած առաջնահերթութիւններու իրագործման ուղղեալ ծրագիրը։
Հերպերթ Զալպէրի հետ ալ Սերժ Սարգսեան քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Այս առթիւ Սարգսեան կարեւորեց հիմնախնդրի լուծման հարցին մէջ ԵՄ-ի հաւասարակշռուած դիրքորոշման պահպանումը եւ հարցի համապարփակ կարգաւորման համար բարենպաստ մթնոլորտ մը ստեղծելու յանձնառութեան իրականացումը։ Հերպերթ Զարպէր վստահեցուց, որ Եւրոմիութիւնը շահագրգռուած է հիմնախնդիր շուտափոյթ ու խաղաղ կարգաւորմամբ ու կը փափաքի իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ նպաստել հիմնախնդրի լուծման՝ աջակցելով այդ հարցով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն, ինչ որ միակ համաձայնեցուած եւ ընդունելի ձեւաչափն է։ Հանդիպման տեւողութեան զրուցակիցները անդրադարձան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն, առկայ իրավիճակին եւ այս գործընթացէն ներս յառաջընթաց արձանագրելու հնարաւորութիւններուն։ Սերժ Սարգսեան ներկայացուց հայկական կողմի մօտեցումները։ Կարծիքներ փոխանակուեցան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ԵՄ-ի հաւանական աջակցութեան ուղիներուն վերաբերեալ։
Զրոյցի տեւողութեան հերթական անգամ երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը չունի ռազմական լուծում եւ ան կրնայ կարգաւորուիլ միայն հակամարտ կողմերու շահերը բաւարարող եւ կողմերու համար ընդունելի փոխզիջումներու հիման վրայ։