ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԵՒ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն որպէս օգնական նշանակեց հայ հեղինակաւոր դիւանագէտ մը՝ Մովսէս Աբէլեան, որ կոչուած է պատասխանատու ու պատուաբեր պաշտօնի մը։ Ըստ Պան Քի Մունի կողմէ տարածուած յայտարարութեան, Մովսէս Աբէլեան նշանակուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ համագումարներու կառավարման վարչութեան հարցերով ընդհանուր քարտուղարի օգնական։
Մովսէս Աբէլեան ունի խաղաղութեան, անվտանգութեան, հակամարտութիւններու լուծման բնագաւառին մէջ գործունէութեան 25-ամեայ փորձառութիւն մը։ Ներկայիս ան միջազգային բեմահարթակի վրայ կը ստանձնէ կարեւոր առաքելութիւն մը՝ դիւանագիտական իր պաշարին արժեւորման շնորհիւ։ Մովսէս Աբէլեան ղեկավարած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի, Անվտանգութեան խորհուրդի եւ ծրագրերու ու հիմնադրամներու գործադիր խորհուրդներուն վերաբերեալ զանազան գործընթացներ։
2011 թուականի Ապրիլին Մովսէս Աբէլեան եղած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հարցերով բաժանմունքի տնօրէնը՝ խորհրդատուութիւն տրամադրած է խորհուրդի նախագահին, անդամներուն, ինչպէս նաեւ օժանդակ մարմիններուն՝ Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատանքներուն, վարժութիւններուն եւ ընթացակարգերուն վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Վարած է նաեւ Վարչական ու պիւտճէի հարցերով կոմիտէի (5-րդ կոմիտէ) եւ ծրագրերու ու համակարգման հարցերով կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնները։
1998-2003 թուականներուն Մովսէս Աբէլեան եղած է ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը, իսկ մինչ այդ՝ մշտական ներկայացուցչի տեղակալը։ Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին նախագահած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 5-րդ կոմիտէին, Մանկական հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ հանդիսացած է Զինաթափման յանձնաժողովի փոխ-նախագահ, խաղաղապահ գործողութիւններու գանձատրման բարեփոխումներու յատուկ բանակցող եւ Ընդհանուր ժողովի 57-րդ նստաշրջանին ժամանակ ՄԱԿ-ի բարեփոխումներու հարցերով համակարգողը։
Մովսէս Աբէլեան, որ իր կրթութիւնը ստացած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, դիւանագիտական ծառայութեան անցնելէ առաջ դասախօսած է Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս։ Նիւ Եորք մեկնելէ առաջ ան Հայաստանի մէջ ստանձնած է նաեւ դիւանակալական պատասխանատուութիւններ։