ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Սթրազ­պուր­կի մէջ, Եւ­րո­խոր­հուր­դի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Այս շրջագ­ծով ան տե­սակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պիոն Եակ­լան­տի հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, քննար­կուե­ցան կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ հար­ցեր։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­դու­նուած նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան հի­ման վրայ նա­խա­տե­սուած օ­րէնսդ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քա­րի ուղ­ղեալ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը, Եւ­րո­խուր­հուր­դի հետ նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծրա­գի­րը, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­յի Մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի կա­տար­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016