ՀՈՐՈԶՕՂԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ՄԵՏԱՅԼ

Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հորոզօղլուները երկար ժամանակէ ի վեր անձնուրաց աշխատանք կը տանին այս դպրոցին համար եւ Երեւանի կողմէ գնահատուած է անոնց նուիրումը, կրթական բնագաւառի ներդրուած եռանդը։ Ուստի, Հորոզօղլուները պարգեւատրուեցան Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուպար փաշա» մետայլով։

Երէկ, Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ «Հրանդ Տինք» վարժարանին ի նպաստ սարքուած սիրոյ սեղանին ժամանակ այդ պարգեւը Հորոզօղլու ամոլին յանձնուեցաւ հանդիսաւորապէս։ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան յանձնեց իրենց մետայլը՝ ջերմ ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Այս առթիւ մեր համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներն ալ բաժնեցին իրենց ուրախութիւնը, իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կարեւոր առաքելութիւն մը կ՚իրականացնէ պոլսահայ իրականութենէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունուար 28, 2019