ՄԵԿՆԱՐԿԱՅԻՆ ԱՅՑԵՐ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Արցախի մէջ գումարուած 33-րդ ընդհանուր ժողովի հիման վրայ գործի կը լծուի կուսակցութեան նորընտիր պիւրոն։ Համագումարի արդիւնքով պիւրոյի ներկայացուցիչ նտրուած էր Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։ Կուսակցութեան նորընտիր բարձրագոյն գործադիր մարմինը կը գլխաւորէ Արմէն Ռուստամեան։ Միւս անդամներն են՝ Վիգէն Բաղումեան, Արամ Գալուստեան, Վիգէն Եագուպեան, Յակոբ Խաչերեան, Արսէն Համբարձումեան, Կիրօ Մանոյեան, Բենիամին Պըչաքճեան, Սպարտակ Սէյրանեան, Ռաֆֆի Տօնապետեան, Յովսէփ Տէր-Գէորգեան եւ Մուրատ Փափազեան։

Համագումարի աւարտին ՀՅԴ-ի նոր ղեկավարութիւնը Ստեփանակերտի մէջ ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի  նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ ալ դաշնակցութեան վարիչները մեկնարկային քաղաքավարական այցելութիւններ տուին Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան։ Այսպէս, անոնք ընդունուեցան Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որոնք յղեցին շնորհաւորութիւններ։ «Մեր կառավարութիւնը միտուած է եւ հակուած լայն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունենալ դաշնակցութեան հետ, որովհետեւ հասկնալի է, որ մենք շատ հարցերու պարագային չունինք նոյն տեսակէտները, բայց պակաս չեն հարցերը, որոնց վերաբերեալ առնուազն մեր ընկալումները կը համընկնին», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ կարեւորելով ապագայ համագործակցութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 28, 2019