ՌՈՒՄԱՆԱՀԱՅՈՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ներկայիս Ռումանահայոց միութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Եւրոպահայ կեանքի տեսակէտէ յատկանշական տարեդարձ մըն է այս մէկը։ Անցեալ շաբաթավերջին Պուքրէշի մէջ նշուեցաւ Ռումանահայոց միութեան յոբելեանը։ 25 յունուար 1919 թուականին հիմնուած այս միութիւնը կարեւոր դեր ունեցած էր 1915-ի վերապրածներու օգնութեան առումով։ Ռումանիոյ կառավարութեան օժանդակութիւնն ալ ապահովելով միութիւնը աջակցութիւն բերած էր հազարաւոր հայ փախստականներու՝ անոնց համար ապահովելով ապաստան եւ մանաւանդ Ռումանիոյ քաղաքացիութիւն։

Պատմական ու քաղաքական յայտնի իրողութիւններու պատճառով գործունէութիւնը երկար ժամանակ դադրեցուցած Ռումանահայոց միութիւնը 1990 թուականին վերաստեղծուած էր ու նոր շունչ մը ստացած՝ յատկապէս իր ներկայ նախագահին՝ Վարուժան Ոսկանեանի անմիջական ջանքերուն շնորհիւ։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ մըն էր, ծերակուտական, նաեւ մտաւորական։ Հաւատարիմ մնալով իր հիմնադրման սկզբունքներուն՝ նոր շրջանին եւս Ռումանահայոց միութիւնը շարունակած է մնալ հայկական ինքնութեան եւ հայապահպանութեան լուրջ գործօն մը ռումանահայ համայնքէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունուար 28, 2019