ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ

Շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց ֆրանսահայ մեծանուն երաժիշտ Միշել Լըկրան, որու ցաւալի կորուստը ստեղծեց մեծ ցաւ։ 87 տարեկան հասակին մահացաւ մեծանուն աշխարհահռչակ երգահանը, որ 2003 թուականին պարգեւատրուած էր «Լեժիոն Տոնէօր» շքանշանով։ Միշել Լըկրան նուաճած էր երեք անգամ «Օսքար»ի եւ հինգ անգամ «Կրեմմի»ի մրցանակ։ «Ոսկէ գունդ»ի դափնեկիր եղած էր տասներկու անգամ։

1932 թուականին Փարիզի մէջ ծնած էր Միշել Լըկրան, որու մայրն էր դաշնակահարուհի Մարսել Տէր-Միքայէլեան։ Երաժշտական առաջին դասերը ստացած էր հօրմէն՝ Ռայմոն Լըկրանէն։ Աւարտած էր Փարիզի երաժշտանոցը, իսկ իր առաջին ձայնասկաւառակը թողարկուած էր 1954 թուականին։ Իր հայկական արմատներուն փարած արուեստագէտ մըն էր եւ առաջին անգամ 2004 թուականին այցելած էր Հայաստան։

Միշել Լըկրանի մահուան առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեցին ցաւակցականներ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ ցաւակցական պատգամ մը թողարկեց իր կորուստին առթիւ։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 28, 2019