ԴԻՒՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Կրօնական գործերու գծով խորհրդական Ժան-Քրիստոֆ Փոսէլ, որուն կ՚ընկերանար Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտներու այցելութեան նպատակն էր՝ տարրական պատկերացում մը ունենալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան մասին ու ծանօթանալ Աթոռի նորընտիր գահակալին։ Անոնք տեսակցութեան ընթացքին շնորհաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որմէ տեղեկութիւններ ստացան Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան ու ծաւալած գործունէութեան շուրջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը յատկապէս դիտել տուաւ, որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը կը հանդիսանար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր նուիրապետական աթոռներէն մին եւ իր հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս կը ջանայ յագեցնել թրքահայ համայնքի զաւակներու կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջները։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի բարձրաստիճան հիւրերու քաղաքավարական այցելութեան համար եւ, իր կարգին, յաջողութեան մաղթանքներ յղեց անոնց դիւանագիտական առաքելութեան մէջ։