ԵԽԽՎ-Է ՆԵՐՍ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՆ

Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն (ԵԽԽՎ) ներս վերահաստատուեցան Ուքրայնայի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները։ Այսպէսով Քիեւ լիարժէք աշխատանքի վերադարձաւ ԵԽԽՎ-ի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուքրայնայի Ռատան (խորհրդարան) որոշած էր ԵԽԽՎ-ի տարեկան նստաշրջանի աշխատանքին վերադարձնել իր պատուիրակութիւնը։ Քիեւի կողմէ այդ որոշումը հիմնաւորուած էր՝ Ուքրայնայի կողմէ Եւրոխորհուրդի առջեւ ստանձնուած պարտականութիւններու բարեխղճօրէն կատարումով։

Անցեալ տարի սեպտեմբերին Քիեւ պաշտօնապէս հրաժարած էր ԵԽԽՎ-ի աշնանային նստաշրջանին մասնակցելէ՝ Ռուսաստանի պատուիրակութեան վերադարձին պատճառով։ ԵԽԽՎ-է ներս Ռուսաստան 2014 թուականին շարք մը իրաւունքներէն զրկուած էր՝ Խրիմի վերամիաւորումէն վերջ։ Այդ ժամանակ Մոսկուա դադրեցուցած էր իր մասնակցութիւնը նիստերուն, իսկ այնուհետեւ սառեցուցած իր վճարումները՝ կազմակերպութեան պիւտճէին։ Անցեալ տարուան ամրան Ռուսաստանի իրաւունքները լրիւ ծաւալով կանգնուած էին ԵԽԽՎ-է ներս։

Այսպէսով ԵԽԽՎ-ի հարթակին վրայ վերահաստատուած կ՚ըլլայ բնականոն իրավիճակը՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա տագնապի հետեւանքներու եւ ազդեցութեան վերացման առումով։ Յամենայնդէպս, միջազգային այլ հարթակներու վրայ հարցը կը մնայ առկայ։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020